Կենսաթոշակային Նոր Համակարգի Խնդիրով Ազգային Ժողովի Արտակարգ Նիստ Պիտի Հրաւիրուի
Հայաստանի Ազգային ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութիւնը խորհրդակցութիւններու պիտի սկսի Ազգային ժողովի միւս խմբակցութիւններուն հետ՝ արտակարգ նիստ հրաւիրելու 1 յունուար 2014-էն ուժի մէջ մտնող «կենսաթոշակային բարեփոխումներու մասին օրէնք»-ին վերաբերեալ։ Ան տեղեկացուց, որ այդ համակարգի գործադրման առնչութեամբ պատգամաւորներուն կոչ յղեցին նաեւ շարք մը կազմակերպութիւններ։
Մինասեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը բազմիցս բարձրաձայնած է համակարգի գործադրման արդիւնաւէտութեան եւ վտանգաւորութեան մասին, որուն մասին անդրադարձած են նաեւ տարբեր կազմակերպութիւններէ շուրջ 700 աշխատակիցներ, որոնց ցանկը օրէ օր կ՛աւելնայ։
30 հոկտեմբերին այդ կազմակերպութիւնները նամակով դիմած են վարչապետին՝ օրէնքէն հանելու համար աշխատավարձէն 5 առ հարիւրի պարտադիր վճարում կատարելու պահանջը։
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, օրէնքը հակասահմանադրական է, եւ իրենք կ՛առաջարկեն խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ կառավարութեան՝ յետաձգել անոր գործադրումը մէկ տարուան ժամկէտով։ Մինասեան նաեւ յայտնեց, որ պիտի դիմեն Սահմանադրական դատարան եւ անոր համար այսօր իսկ պիտի սկսին ստորագրահաւաքի խորհրդարանին մէջ։

