«ՀՅԴ-ն Ինքնիրեն Նման Բան Թոյլ Չի Կրնար Տալ» Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան
ՀՅԴ խմբակցութեան դիրքորոշումը Ժառանգութիւն խմբակցութեան կողմէ ներկայացուցած «Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման մասին» օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ յայտնելու ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նկատել տուաւ, որ այս գծով ՀՅԴ-ի մօտեցումը չէ փոխուած։
Ռուստամեան ընդգծեց, որ ՀՅԴ խմբակցութիւնը չի կրնար չմասնակցիլ քուէարկութեան եւ մասնակցելով՝ կողմ պիտի քուէարկէ այդ օրինագիծին, որովհետեւ հակառակ պարագային ատիկա կրնայ դիտուիլ, թէ Դաշնակցութիւնը դէմ է Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման։ «Չմասնակցիլ կը նշանակէ տապալել հարցը։ Դաշնակցութիւնը ինքնիրեն այդպիսի բան թոյլ չի կրնար տալ», շեշտեց դաշնակցական պատգամաւորը։
Անդրադառնալով խնդիրի էութեան, ան նշեց, որ Դաշնակցութեան չի գոհացներ Տէ Ֆաքթօ ստեղծուած վիճակը՝ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ապահովութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման առումով։ Արմէն Ռուստամեանի ըմբռնումով կը մօտենայ իշխանութեան ներկայացուցած փաստարկներուն, սակայն կան պահեր, որոնք անընդունելի են Դաշնակցութեան կողմէ։ Ըստ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարին, լուրջ խնդիր կայ Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան առումով, եւ Հայաստան պարտաւոր է դառնալ Արցախի ապահովութեան երաշխաւորը։
Ըստ Ռուստամեանի, ատիկա նոյնքան կարեւոր է, որքան Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը։ «Այո՛, մենք միջազգային ճանաչման առումով հարց կ՛ունենանք՝ բազմաթիւ անգամներ այս հարցը յառաջ մղելով, կրնայ այն տպաւորութիւնը յառաջանալ, թէ Հայաստան ընդհանրապէս չ՛ուզեր Արցախի անկախութիւնը ճանչնալ։ Պարոյր Սեւակի նկարագրած վիճակը չըլլայ՝ երբ պիտի գայ հինգերորդ եղանակը, երբ բարձրացուած հարցը լուծում պիտի ստանայ», ըսաւ Ա. Ռուստամեան։


