ՀՅԴ Պոլսոյ Մէջ Կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Նիստերուն

Մարիօ Նալպանտեան

Մարիօ Նալպանտեան

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 10 նոյեմբերին, Պոլսոյ մէջ սկսան Ընկերվար միջազգայնականի ժողովները։ Ժողովներուն մասնակցելու համար Պոլիս մեկնած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանէ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանէ։

Կիրակի, 10 նոյեմբերի յետմիջօրէին գումարուեցաւ նիստը Ընկերվար միջազգայնականի ելեւմուտքի եւ վարչական յանձնախումբին, որուն անդամ է ՀՅԴ-ն։ Ժողովին մասնակցեցաւ Մարիօ Նալպանտեան։ Ժողովը քննեց կազմակերպութեան ելեւմտական վիճակը, իրենց պարտաւորութեանց մէջ թերացող անդամ կազմակերպութեանց ընթացքը եւ որդեգրեց կազմակերպութեան Խորհուրդին կողմէ հաստատուելու համար ներկայացուելիք նախահաշիւը 2014-ի մուտքերու եւ ելքերու համար։

Նոյն օրը երեկոյեան գումարուեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցեցաւ Մարիօ Նալպանտեան։ Կազմակերպութեան նախագահ, Յունաստանի ՓԱՍՈՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրի նախկին վարչապետ Ճորճ (Եորղոս) Փափանտրէուի նախագահութեամբ տեղի ունեցած ժողովը անդրադարձաւ միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ կազմակերպութեան դիմագրաւած հարցերուն։ Ժողովին ներկայ էր նաեւ հիւրընկալ՝ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ղեկավար, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլու։ Մարիօ Նալպանտեան խօսք առաւ կազմակերպութեան հարցերուն մասին. մինչ այդ, սակայն, ան նախագահութեան անդամներուն ուղղելով իր խօսքը, ըսաւ, թէ իրեն եւ իր կուսակցութեան՝ ՀՅԴ-ի համար այս քաղաքին մէջ այս ժողովներուն մասնակցութիւնը պատմական նշանակութիւն ունի, ոչ թէ որովհետեւ պատուիրակութեան անդամներու առաջին այցելութիւնն է Պոլիս, այլ յատկապէս որովհետեւ Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս այս քաղաքին մէջ չէ գտնուած աւելի քան 92 տարիէ ի վեր՝ բոլորին ծանօթ իրադարձութիւններու պատճառով։

Երկուշաբթի, 11 նոյեմբերին սկսաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը։ Ժողովի բացման խօսքերէն ետք յատուկ օրակարգով ելոյթ ունեցան անցեալ յունիսին Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի Կեզի այգիի (ուր նախապէս եղած է հայկական գերեզմանատուն) պահպանման համար տեղի ունեցած շարժումներուն մասնակիցներ՝ ներկայացնելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հակաժողովրդավարական կեցուածքը այս դէպքերուն նկատմամբ։

Ժողովին գլխաւոր օրակարգն էր «Յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ժողովրդավարութեան համար պայքարներուն առնչուող ընթացիկ տագնապներ եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնացող հակամարտութիւններ»։ Բացի անդամ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն, այս օրակարգով ելոյթ ունեցան նաեւ Սուրիոյ ընդդիմադիրներու ներկայացուցիչներ եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը։

Ելոյթ ունենալով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան ըսաւ, թէ Սուրիոյ տագնապը ունի միայն քաղաքական լուծում, որուն պէտք է մասնակցին բոլոր անոնք, որոնք համաձայն են երկխօսութեան ճամբով հասնելու քաղաքական լուծումի մը, եւ պէտք է յարգուին առանց բացառութեան բոլորին իրաւունքները։ Սուրիոյ ժողովուրդին բարեփոխումներու արդար պահանջը խափանուեցաւ՝ արտասահմանէն եկած ծայրայեղական խմբաւորումներու զինեալ մասնակցութեան իբրեւ հետեւանք։ Սուրիան բազմազգ, բազմակրօն եւ բազմամշակութային երկիր ու հասարակութիւն է, ըսաւ Նալպանտեան, ուր հայերս, տեղւոյն ժողովուրդներուն եւ կրօններուն հետ ապրած ենք աւելի քան հազար տարի եւ պայքարած՝  մեր իրաւունքներուն համար։ «Կը զօրակցինք Ընկերվար միջազգայնականի այն ճիգերուն, որոնց նպատակն է երկխօսութեան ճամբով նպաստել հարցի լուծման եւ ապահովել բոլոր կողմերու մասնակցութիւնը «Ժընեւ-2»-ի խորհրդակցութիւններուն», ըսաւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը եւ աւելցուց, որ անհրաժեշտ է պահպանել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, որովհետեւ այլապէս պիտի խախտուի նաեւ շրջանի այլ երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունեցող անկայունութիւնը արեւելեան Միջերկրականէն կը հասնի մինչեւ Կասպից ծով, որովհետեւ այնտեղ առկայ է ահաւոր սպառազինում, որ կը զուգակցուի ռազմատենչ հռետորութեամբ։ «Այս շրջանը կարիքը ունի ներդրումներու, կարիքը ունի աշխատատեղիներու, կարիքը ունի զարգացումի, որոնք կը բարելաւեն կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը եւ կը բաւարարեն շրջանի ժողովուրդներու ընկերային կարիքները, ապագայի նկատմամբ յոյս կու տան երիտասարդութեան եւ այդպիսով երիտասարդութիւնը հեռու կը պահեն ծայրայեղականութիւններէ՝ ահաբեկչութենէ եւ թմրանիւթերէ։ Այդ պատճառով ալ, համաձայն եմ այսօր հնչած այն գնահատականներուն, թէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը չէ նպաստած կայունութեան հաստատման, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ Թուրքիոյ կողմէ դէպի Սուրիա տեղի ունեցաւ ապակայունացնող ամէն ինչի ներհոսք։ Իսկ միւս կողմէ, Թուրքիան միակողմանի եւ անարդար կերպով արդէն քսան տարիէ ի վեր փակ կը պահէ Հայաստանի հետ սահմանը։ Ժամանակը հասած է, որպէսզի Թուրքիան վերանայի իր պատմութիւնը եւ ընդունի իր պատասխանատուութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ծրագրումի եւ իրագործման համար», ըսաւ Մարիօ Նալպանտեան։

Նալպանտեան իր խօսքը աւարտեց շեշտելով, թէ «կը հաւատանք, որ ամբողջ շրջանի տագնապները կը լուծուին երկխօսութեան եւ տագնապներու տեւական լուծման համար փնտռտուքներու ճամբով։ Այս տեսանկիւնէն կը հաւատանք, որ Ընկերվար միջազգայնականը պէտք է նպաստէ առկայ յարացոյցի եւ հաւասարութեան փոփոխութեան, ուր պէտք է ապահովել ներդրումներ, ստեղծել նոր աշխատատեղեր, զարգացնել գիտութիւնն ու ճարտարարուեստը, բարելաւել առողջապահութիւնը։

Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը կը շարունակուի։

Ընկերվար միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է։ Անիկա կը համախմբէ բոլոր ցամաքամասերէն աւելի քան 140 երկիրներու շուրջ 160 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ։

ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստացած առաջին կուսակցութիւնը եղած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (2003 թուականին)։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան կազմակերպութեան փոխնախագահ է, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան՝ ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան շրջանային յանձնախումբի համանախագահ։ ՀՅԴ նաեւ անդամ է կազմակերպութեան ելեւմուտքի եւ վարչական յանձնախումբի։ ՀՅԴ համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կիներու ընկերվար միջազգայնականին եւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )