Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մի՛ ամչնաք ձեր փոքր թերութիւններուն համար։ Դուք ձեզ հաստատեցէք, որովհետեւ ունիք արժանիքներ, զանոնք օգտագործեցէք։

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճաշի պահուն արագ մի՛ ծամէք, մի՛ աճապարէք վայրկեան մը առաջ սեղանէն ելլելու։ Ժամանակ տրամադրեցէք, յարգեցէք ճաշի ժամերը։

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ծրագիր մը հետզհետէ ձեւ ու մարմին կ՛առնէ, շնորհիւ ձեր իրագործած ջանքերուն։ Այսուհանդերձ, ճիգ մը եւս ըրէք ամբողջացնելու համար ծրագիրը։

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մէկ կողմ դրէք ձեր հպարտութիւնը, որպէսզի կարենաք ձեր ներկայութիւնը հաստատել. ապա կրնաք մտածել նոր որոշումներու մասին։

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կը սիրէք ընթերցանութիւնը, ձեր այս ճաշակը արտայայտեցէք ձեր շուրջիններուն, որպէսզի զգան արժէքը գիրքին, անոր օգուտին։

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Միշտ դրամի խնդիր ունիք, որովհետեւ կ՛ուզէք իրագործել կարգ մը փափաքներ, որոնք գումարի պէտք ունին։ Մտածեցէք  խնայողութեան մասին։

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ոչ մէկ ստորագրութիւն կատարեցէք առանց հասկնալու, թէ ի՛նչ բանի համար կ՛ընէք։ Հարցին մանրամասնութիւններուն տեղեկացէք, ապա…

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Չէք հանդուրժեր ձեր փոխարէն արտայայտուած կարծիքը կամ փափաքը։ Մնացէք հաստատ ձեր տեսակէտին մէջ, առանց այդ մասին խօսելու։

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք, երբ մարզանքի սկսած էք։ Հանդարտութեամբ համբերեցէք, մինչեւ որ տեսնէք անոր ընծայած արդիւնքը։ Մի՛ դժկամակիք, կ՛օգտուիք։

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դժուարին ժամանակաշրջան  մը պիտի ունենաք ընտանեկան կեանքի մէջ։ Այս պարագային մնացէք լաւատես, հանդարտ, համբերատար տրամադրութեամբ։

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Իրաւունք ունիք ձեր տեսակէտը ունենալու եւ չհետեւելու ձեր շուրջիններուն պարտադրանքին։ Ձեր կեանքին տէրը դուք էք, եղէք անկախ։

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ կ՛ուզէք ձեր փափաքը իրագործել որոշ գումար մը ծախսելով, այդ պարագային պիտի ունենաք մսխում։ Հանդուրժեցէք օրուան պահանջին։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )