50 Տարի Առաջ (14 Նոյեմբեր 1963)
Տոմսեր
Օր Խաղաղութեան…
11 նոյեմբերը 1918-ի զինադադարի տարեդարձն է։
Ու մարդ կարծէք բնազդաբար կը հարցնէ. ի՞նչ եղաւ այս զինադադարը, ինչի՞ կը ձգտէր եւ ո՞ւր յանգեցաւ…
Քանի մը կէտեր կը յիշուին…
Նախագահ Ուիլսընի 14 կէտերը, որոնք նոր հորիզոններ պիտի բանային մարդկութեան առջեւ։
Բացուեցա՜ն նոր հորիզոններ, սակայն՝ բոլորովին հակառակ իմաստով։
Ազգերու համերաշխասիրութի՜ւնը, հացկերոյթներու եւ բաժակաճառերու վարդագոյն մթնոլորտէն անդին չանցաւ, եւ շամփանեայի գինովութենէն անմիջապէս յետոյ, դիւանագէտներ նոր ախորժակով կը նետուէին առաջ։
– Ո՞ւր է աւարէն մեր բաժինը։
Հնարեցին նաեւ աչքկապուկի խաղ մը՝ Ազգերու դաշնակցութիւն անունով, ամենափրկիչ Ամերիկայի աչքին փոշի փչելու նպատակով։
Այդ խաղէն մեզի բաժին ելաւ… Նանսէնեան անցագիրը, զոր մարդասիրաբա՜ր տուին հայ ժողովուրդին՝ իրենց նախկին փոքր դաշնակիցին։ Այսինքն տուին թաշկինակ մը՝ մեր արցունքը սրբելու համար։
Ի վերջոյ, ամէն խաբէութիւն կը յանգի, սակայն, պատիժի։ Եւրոպան պատժուեցաւ Բ. Աշխարհամարտով։ Մեծ Ֆրանսան ինկաւ գաղթականի վիճակին։ Անգլիա շնչասպառ իյնալու մօտ էր, երբ վրայ հասաւ ամենափրկիչ Ամերիկան, ու կրկին ուժերու հաւասարակշռութիւնը վերահաստատուեցաւ։
Երկու ահաւոր պատերազմներէ ետք Ամերիկայի աչքն ալ բացուած է այլեւս։ Ըմբռնեց, թէ բանն ինչո՞ւմն է, եւ այս անգամ ուղղակի ձեռք առաւ խաղաղութիւն կոչուող բախտի անիւը՝ հրաւիրելով աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրները.
– Հրամեցէք մեր տունը՝ Նիւ Եորք, երբեմն հաւաքուինք, խօսինք, ուտենք, խմենք։ Եւ մօտէն տեսնեմ, թէ ի՜նչ օյինպազութիւններ կը դարձնէք ու յանկարծ կը պոռաք, աշխարհի միւս ծայրէն. Ընքըլ Սեմ, հասի՜ր, կորանք, մեռանք…
Ու այսպէս ծնաւ ՄԱԿ-ը։
Զինադադարի այս տարեդարձին աշխարհի յոյսը կը մնայ դարձեալ Ընքըլ Սեմը։ Թող թուրը կտրուկ մնայ, սիրտը՝ ամուր։
Օր մը մեր դատի «հանգոյց»-ն ալ կը կտրէ իր արդար սուրով…
ԳԻՍԱՒՈՐ