Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Որքա՞ն Ժամանակ Կ՛անցընէք Ձեր Երեխային Հետ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ընտանիքին անդամները սահմանափակ ժամանակ ունին միասին ըլլալու եւ ժամանակ անցընելու։ Ծնողները կ՛աշխատին, իսկ երեխաները դպրոց կը յաճախեն, անոնք ունին նաեւ արտադպրոցական զբաղումներ։
Սովորաբար աշխատանքային օրուան ընթացքին ընտանիքը երեկոյեան, մինչեւ քնանալը, ընդամէնը երեք-չորս ժամ ունի միասին անցընելու համար։ Այս ժամանակը կը տրամադրոււի տնային աշխատանքներու, առօրեայ պարտականութիւններու կամ հեռատեսիլ դիտելու։
Յաճախ ըսուած է, որ կարեւորը ոչ թէ երեխային հետ անցուցած ժամանակին չափն է, այլ՝ օգտակար դարձնելը։
Ահա թէ ի՛նչ կրնան ընել ծնողները, որպէսզի երեխային հետ անցուցած ժամանակը նաեւ օգտակար դառնայ անոր։
– Ժամանակ յատկացուցէք ձեր երեխային՝ իսկապէս ուշադիր նայելու համար։ Նկատեցէ՛ք հիւանդութեան, գիրութեան, յուզուածութեան, խնամքի պակասի կամ զարգացման փոփոխութեան հետ կապուած նշանները։
– Աւելի շատ ժամանակ տրամադրեցէք զայն լսելու համար։ Հարցուցէ՛ք ամէն ինչի մասին՝ դպրոց, դաս, դասընկերներ, ուսուցիչներ եւ այլն…
– Եթէ ձեր երեխան որեւէ դժուարութեան հանդիպի, ձգեցէ՛ք ձեր բոլոր գործերը եւ օգնութիւն առաջարկեցէք, խնդիրը միասին լուծելու պատրաստակամութիւն ցոյց տուէք։ Թող երեխան հասկնայ, որ ինք ձեզի համար աւելի կարեւոր է, քան՝ ձեր աշխատանքը։
– Խնդացէ՛ք միասին, կատակեցէ՛ք, թող ան հանգիստ եւ անկաշկանդ զգայ ձեր ներկայութեան։
– Աշխատեցէ՛ք աշխարհին նայիլ ձեր երեխային աչքերով։ Հիացէ՛ք առաջին ձիւնով, թաւալեցէ՛ք աշնանային տերեւներու կոյտին մէջ, դիտեցէք անոր նախասիրած մանկական յայտագիրը։
– Ընտրեցէք այնպիսի մարզանքներ, զորս կրնաք կատարել ձեր երեխային հետ, հեծանիւ քշեցէք, պարան ցատկեցէ՛ք, լողացէ՛ք…
– Ճաշը ընտանիքին համար յատուկ հանդիսութեան վերածեցէ՛ք։ Արգիլեցէ՛ք հեռատեսիլին դիմաց ուտելու փորձերը, ստիպեցէք, որ սեղանին շուրջ նստի, եւ ընտանեօք զրուցեցէք, պատմեցէք օրուան անցուդարձէն եւ այլն…
– Միասին շուկայ գացէ՛ք, գնումի ժամանակ անոր կարծիքը առէք, գնումի աւարտին տեղ մը նստէք եւ պաղպաղակ մը կերէք։
– Ինքնաշարժով տեղ երթալու պարագային արգիլեցէք բջիջայինի, «Այ Փետ»-ի եւ այլ գործիքներու օգտագործումը։ Անոր ուշադրութիւնը հրաւիրեցէք բնութեան վրայ կամ հետաքրքրական նիւթ մը արծարծեցէք։
– Յիշեցէ՛ք օրը ճիշդ սկսելու կարեւորութիւնը։ Միայն լաւ նախաճաշը բաւարար չէ, նոյնքան կարեւոր է ջերմ խօսքերով հրաժեշտը։ Նախաճաշի պահուն ձեր երեխային կողքին նստէք, նոյնիսկ եթէ գաւաթ մը սուրճ է ձեր խմելիքը։
– Ձեր զգացումները մի՛ պահէք ձեր երեխայէն։ Բացատրեցէք անոր ձեր սահմանած կանոններուն անհրաժեշտութիւնը, պատիժի եւ դժգոհութեան պատճառները։ Սակայն թող հասկնայ, որ ոչինչ չի կրնար փոխել իրեն հանդէպ ունեցած ձեր սիրոյ զգացումը, եւ թէ՝ լաւ երեխաներն անգամ երբեմն վատ բաներ կ՛ընեն։
– Համբուրեցէ՛ք զայն, գրկեցէ՛ք եւ փաղաքշական խօսքեր ըսէք։
– Ամէ՛ն օր յիշեցուցէք, որ կը սիրէք զինք…
Այլազան (Շար.)
Արատներ Մաքրելու Անսովոր Միջոցներ
1 Շաքար.-
Եթէ մոքեթին վրայ ձէթ թափի կամ ձեր շապիկը տապկոցի ժամանակ աղտոտի, անմիջապէս շաքար ցանեցէք արատին վրայ։
2 Կաթ.-
Գունաւոր հագուստի վրայէն մելանի արատները մաքրելու համար ամբողջ գիշեր մը զայն թրջեցէք կաթի մէջ եւ յաջորդ առտու լուացէք։
3 Շամփուէն.-
Շապիկներուն դեղնած օձիքները մաքրելու համար օգտագործեցէք մազի աժան շամփուէն։
4 Մազի ֆիքսաթիֆ.-
Եթէ ձեր ճերմակ շապիկին վրայ չոր մելանի արատ նկատէք, անմիջապէս մազի ֆիքսաթիֆ սփռեցէք եւ շուտով արատը կ՛անհետանայ։
5 Ակռայի դեղ.-
Եթէ ինքնահոսին մելանը հոսած է շապիկին գրպանին կամ գրչատուփին մէջ, արատը ակռայի դեղով ծեփեցէք։
6 Ճերմակ հաց.-
Շրթներկի եւ այլ արատներ մաքրելու համար, նախքան լուալը, արատը շփեցէք ֆրանսական ճերմակ հացի միջուկով, որ նախապէս ձեր մատներով ճզմած եւ գունդի մը վերածած էիք։
Ի՞նչ Կարելի Է Ընել Գարեջուրով
Ապացուցուած է, որ կանոնաւոր կերպով եւ քիչ քանակութեամբ գարեջուր օգտագործելով՝ կարելի է նուազեցնել մեր մարմնի տարբեր ուռուցքներու յառաջացման հաւանականութիւնը։
Գարեջուրը հարուստ է սպիտակուցներով, ամինաթթուներով, Պէ1, Պէ2 եւ Փէ.Փէ. կենսանիւթերով եւ ածխաթթուներով, որոնց շնորհիւ՝ կը կանոնաւորուին շնչառութիւնն ու արեան շրջագայութիւնը։ Գարեջուրը դրական ազդեցութիւն ունի նաեւ սիրտի աշխատանքին վրայ։
Գարեջուրի օգնութեամբ կարելի է նաեւ կնճիռներու դէմ պայքարիլ։ Պատրաստեցէ՛ք հետեւեալ դիմակը.
1 հաւկիթի դեղնուցին գարեջուր աւելցնել, խառնել, ապա ստացուած խառնուրդը քսել դէմքին, սպասել շուրջ 20 վայրկեան, ապա դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով։
Գարեջուրով պատրաստուած դիմակները լաւ ազդեցութիւն ունին յատկապէս իւղոտ մաշկին վրայ։
Գարեջուրը առաւելութիւն մը եւս ունի, անիկա կը կարգաւորէ քրտնարտադրութիւնը։ Անցեալին մարդիկ գարեջուրով կը լոգնային քրտնարտադրութիւնը չափաւորելու համար։
Նորաձեւութիւն
2013-2014 Աշուն-Ձմեռ Եղանակի
Նորաձեւ Աքսեսուարները
Նոյնիսկ ամենանորաձեւ հագուստը դժուար կ՛ըլլայ պատկերացնել առանց անհրաժեշտ աքսեսուարի։ Գօտին, ձեռնոցը, վզկապը կամ կրծքազարդը ամբողջութեամբ կը փոխեն անոր տեսքը՝ զայն դարձնելով աւելի համարձակ, ոճային եւ ամբողջական։
Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք նորաձեւ աքսեսուարներու հետաքրքրական նմուշներ։
– Այս տարի գօտիները չափազանց նորաձեւ են, անոնք պիտի շեշտեն կանացի իրանը՝ զայն դարձնելով աւելի գրաւիչ եւ իգական։
Նորաձեւութեան մեծագոյն տուները կ՛առաջարկեն լայն եւ բարակ կաշիէ եւ այլ նիւթերէ պատրաստուած գօտիներ, ստորեւ՝ քանի մը նմուշ։
– Ոչ պակաս նորաձեւ են երկարաւուն, գրեթէ մինչեւ արմուկները հասնող ձեռնոցները։ Նորաձեւ են նաեւ «առանց մատներու» ձեռնոցները, զորս կ՛առաջարկեն Շանելը եւ Ճիորճիօ Արմանին։
– Ինչ կը վերաբերի վզկապերուն եւ շալերուն, Մարք Ճեքոպսը եւ Լանվենը կ՛առաջարկեն արուեստական մորթէ եւ բուրդէ պատրաստուած լայն տեսակները, իսկ Ճասթ Քաւալին եւ Էմփորիօ Արմանին՝ վառ ու գունեղ նուրբ վզկապերը, որոնք կը փաթթուին վիզին շուրջ։
Խոհագիր
Խեցգետինով Աղցան
– 3 հատ խաշած գետնախնձոր
– 2 հատ խաշած ստեպղին
– 4 հատ խաշած հաւկիթ
– 100 կրամ դեղին պանիր
– 200 կրամ խեցգետինի ձողիկներ
– Աղ, պղպեղ, մայոնեզ
Պատրաստութիւն
Գետնախնձորն ու ստեպղինը քերիչէ անցընել, նոյնպէս ալ՝ հաւկիթին դեղնուցները առանձին, ճերմկուցները առանձին։ Խեցգետինի ձողիկները մանր կտրատել, քերոցէ անցընել դեղին պանիրը։
Ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ յաջորդաբար շարել գետնախնձորը, խեցգետինը, հաւկիթին ճերմկուցը, ստեպղինը, պանիրը եւ հաւկիթին դեղնուցը։ Իւրաքանչիւր շերտի երեսին աղ եւ պղպեղ ցանել եւ մայոնեզով ծեփել։
Բարի՛ ախորժակ։
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կարո՞ղ Ես, Ասա՛…
Շղթայ չի՞ դառնայ քո այս մատանին…
Կարո՞ղ է գիրկդ լինի ինձ համար
Մանկուց կորցրած իմ նուիրական
Տունը հայրական,
Լինել եղբայրս, քոյրս, հոգատար,
Որոնց կարօտը դեռ մինչեւ հիմա
Շաղեր են թողնում տողերիս վրայ…
Արցունքներիս չափ կարո՞ղ ես տալ ինձ
Խնդութիւն ու սէր։
Կարո՞ղ ես կիսել անցած ու գալիք
Փորձութիւնները թէ՛ մեծ, թէ՛ փոքրիկ…
Կարո՞ղ ես արդեօք
Ինձնով զօր-գիշեր
Պահել քո սրտի կրակը բորբոք,
Խենթութիւնները չթերթել հոգուս
Հայեացքով թէկուզ։
Չդառնալ կամքիս քմահաճ իշխող,
Զգալ մօտիկից
Իղձերիս ամէն ճառագայթ ու շող…
Կարո՞ղ ես, ասա՛,
Լինել ընթերցողն իմ հաւատարիմ…
Երկիր բերելով երազներս պերճ,
Քեզ չխնայել, սպառուել իմ մէջ,
Որ թէ սայթաքեմ, կողքիս քեզ զգամ,
Ինձ սիրես այսպէս, ինչպէս որ ես կամ,Կարո՞ղ ես, ասա՛…
ՄԵՏԱՔՍԷ









