Իպրահիմովիչ Շուէտի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը՝ 8-րդ Անգամ Ըլլալով

zlatanԻր լուրը քաղելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէջէն՝ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 8-րդ, իսկ վերջին եօթը տարիներուն յաջորդաբար ճանչցուեցաւ Շուէտի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը։

Նախապէս ոչ ոք այս տիտղոսին տիրացած է երկու անգամէն աւելի։

Նշենք, որ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստին ընտրութեան կողքին տեղի ունեցան նաեւ տարբեր տեսակի ընտրութիւններ, որոնց կարգին՝ Շուէտի ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկի, լաւագոյն կոլի եւ այլ տեսակի ընտրութիւններ։ Յատուկ մրցանակ մը տրուեցաւ նաեւ Շուէտի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահին։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )