Իտալիոյ Եւ Անգլիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումներուն. Քլոզը Շատ Հաւանաբար Բացակայի Գերմանիոյ Կազմէն
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Միրոսլաւ Քլոզը (Լացիօ Ռոմա) վիրաւոր ըլլալուն պատճառով շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չբերէ Իտալիոյ եւ Անգլիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն։
35 տարեկան Քլոզը, որ նախորդ շաբաթավերջին Փարմայի դէմ տեղի ունեցած «Սերի Ա.»-ի մրցումին վիրաւորուեցաւ, այժմ Միւնիխի մէջ բուժումի կ՛ենթարկուի։
15 նոյեմբերին Գերմանիա Միլանոյի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Իտալիոյ, իսկ չորս օր ետք Լոնտոնի մէջ պիտի հիւրընկալուի Անգլիոյ կողմէ։
CATEGORIES Մարզական