Մեսսի Շուրջ Ութ Շաբաթ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ նախորդ շաբաթավերջին Ռէալ Պեթիսի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին վիրաւորուեցաւ, շուրջ ութ շաբաթ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն։

Անոր ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ անոր խմբակից Սեսք Ֆապրեկասի բացակայութիւնը պիտի տեւէ եօթը օր միայն։

Հաղորդագրութիւնը նաեւ ընդգծեց, որ Մեսսիի ապաքինումին սկզբնական բաժինը տեղի պիտի ունենայ Քաթալոնիա քաղաքին մէջ, նախքան անոր Պուէնոս Այրես ճամբորդելը։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )