Հենտպոլ. Ասիոյ 16-րդ Ախոյեանութիւն. Սատ Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը
Քաթարի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ Հենտպոլի 16-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, լիբանանեան Սատ ակումբը յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով յաղթելէ ետք պահրէյնեան Ահլի խումբին՝ 28-24 արդիւնքով (կիսախաղ՝ 14-12, ի նպաստ Սատի), ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը։
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, անիկա ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը, թէեւ այսօր Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ (Դ. խմբակ) մրցում մը ունի կատարելիք քաթարեան Լախուիա խումբին դէմ։ Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 13։00-ին։
CATEGORIES Մարզական

