FOOTBALL. 365 Կը Գրէ. «Հաճին Հրաժարած Է Գլխաւորել Հայաստանի Հաւաքականը. Ինչպէ՞ս Հաւատալ Այս Սուտին»

Football.365 հայկական լրատուական կայքէջը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ կ՛անդրադառնայ ՖԻՖԱ-ի գործակալ Լէոնիտ Իսթրաթիի կատարած յերիւրածոյ յայտարարութեան, երբ ան «Իզվեսթիա»-ի հետ իր զրոյցին ընթացքին ըսած է. «Վերջերս Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը դիմեց ռումանացի միջազգային մարզիկ Ճիորճի Հաճիին, որպէսզի ան ստանձնէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, սակայն ան հրաժարեցաւ ատկէ»։

Այս լուրը երբեք իրականութեան չի համապատասխաներ, կը շարունակէ իր լուրը Football.365-ը՝ նշելով, որ «Հաճին թրքական Կալաթասարայի մաս կազմած է անցեալին եւ իր մարզիչի ձախող ասպարէզին մեծ մասը անցուցած է անոր հետ։ Ասիկա նկատի առնելով՝ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երբեք նմանօրինակ քայլի մը չի դիմեր, մանաւանդ որ անոր անունը արձանագրուած է անոր տոմարներուն վրայ։ Ուրեմն, Իսթրաթիի ըսածները ամբողջութեամբ սուտերու վրայ հիմնուած են»։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )