21 Տարեկանէն Վար Եւրոպայի 2015-ի Ախոյեանութիւն. Ֆրանսա – Հայաստան Մրցումին Իրաւարարը՝ Ուքրանացի Քոզիք

referee-france-armeniaFootball.365 հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 14 նոյեմբերին ֆրանսական Թուլուզ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսա – Հայաստան Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2015-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ ուքրանացի Եարոսլաւ Քոզիք։ Անոր օգնականները պիտի ըլլան Ալեքսէյ Անտրէեւ եւ Օլեկ Պլուժնիք, իսկ չորրորդ իրաւարարն է Վիթալի Ռոմանով։

Նշենք, որ այս մրցումը պիտի սկսի Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 23։50-ին։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )