Կնքահայրութեամբ Զաւիկ Գալֆայեանի՝. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Դպրոցի «Սարգիս Ազնաւուրեան» Երկրորդ Հունձքի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

101_5341Շաբաթ,  9 նոյեմբեր 2013-ին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցի երկրորդ հունձքի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանի եւ անդամներու, ֆութպոլի ծնողաց յանձնախումբին, մարզիկներու ծնողներուն եւ հրաւիրեալներու, կնքահայրութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի նախկին մարզիկներէն Զաւիկ Գալֆայեանի:

Բացման խօսքը արտասանեց ծնողաց յանձնախումբի ատենապետ Ռուբէն Եփրեմեան, որ ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցը, որ իր դռները բացաւ մանուկ եւ պատանի տղոց դիմաց, այսօր կ՛ունենայ իր շրջանաւարտներու երկրորդ հունձքը իր տասնվեց հոգինոց խումբով:

«Հայ դպրոցի կողքին, ուր կը սորվինք մայրենի լեզու եւ կը ստանանք կրթութիւն, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցը կու գայ ամբողջացնելու հայ մանուկին եւ պատանիին կերտումը՝ մտքի կրթութեան կողքին անոր տալով մարմնակրթանք, դաստիարակութիւն եւ կարգապահութիւն, ազնիւ  ու եղբայրական ոգիով մրցելու այբուբենը սորվեցնելով հայ մարզիկին, որպէսզի ան ձգտի լաւագոյնին, հասնի յաջողութեան եւ բարձրանայ ու բարձրացնէ:

«Հպարտ ենք այսօր, որ այսօրուան վկայագիր ստացող աշակերտները պիտի անցնին այլ հանգրուան՝ ՀՄԸՄ-ի զանազան խումբերէն ֆութպոլ կիրարկելու, որպէսզի անոնք օր մը կրեն պարծանք եւ հպարտութիւն ներշնչող ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցչական խումբի եռագոյն տարազը:

«Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք անսակարկօրէն օժանդակեցին եւ պիտի շարունակեն օժանդակել ՀՄԸՄ-ի խումբերու յաջողութեան՝ նիւթական թէ բարոյական օժանդակութեամբ  սատար հանդիսանալով անոնց:

«Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցը,

Յաւե՛րժ ապրի ՀՄԸՄ-ը»։

Ապա, Ռուբէն Եփրեմեան ներկայացուց օրուան յայտագիրը՝ նշելով, որ յաջորդաբար խօսք պիտի առնեն օրուան կնքահայր Զաւիկ Գալֆայեան, ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը պիտի արտասանէ ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան: Խօսքերէն ետք տեղի պիտի ունենայ վկայագիրներու եւ յուշանուէրներու յանձնում:

Ռուբէն Եփրեմեան ներկայացուց Զաւիկ Գալֆայեանի կենսագրականը:

«Եղբայր Զաւիկ մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին 25 տարի շարունակ՝ 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն:

101_5371

101_5365

 

 

 

 

 

 

 

 

 

«ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբի անդամ Գառնիկ եւ Յակոբիկ Գալֆայեաններու եղբայրն է ան եւ հազուագիւտ կը պատահի, որ երեք եղբայրներ միատեղ նոյն  խումբէն ֆութպոլ կիրարկեն:

«1975-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով եւ տարիքի բերմամբ ֆութպոլի ասպարէզը լքելէ ետք եղբայր Զաւիկ միշտ ալ գտնուած է ՀՄԸՄ-ի կողքին, ներկայ գտնուելով ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական եւ մասնաճիւղերու բոլոր խումբերու խաղերուն  մինչեւ օրս»։

Ապա, ան հրաւիրեց օրուան կնքահայրը, որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ օրուան շրջանաւարտ մարզիկներուն եւ կատարէ սերունդի անուանակոչութիւնը:

Բեմ ներկայացաւ օրուան կնքահայր Զաւիկ Գալֆայեան որ ըսաւ. «Յուզուած եմ այս պատիւը ինծի տրուելուն համար: Թերեւս արժանի չեմ այս պատիւին: Ինչ որ ըրած ենք այս միութեան համար, տակաւին քիչ է»։ Եւ խօսքը ուղղելով պատանի մարզիկներուն ըսաւ. «Դուք հպարտ պէտք է զգաք, որ այս միութեան անդամ էք, աւելի հպարտ պէտք է զգաք, որ կը կրէք ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի տարազը:

«ՀՄԸՄ-ի մարզիկը կը տարբերի այլ մարզիկներէ՝ իր ունեցած կարգապահութեամբ: Լաւ հետեւեցէ՛ք մարզումներուն եւ եղէ՛ք կարգապահ:

«Ես ֆութպոլ սկսած եմ խաղալ 13-14 տարեկանիս, եւ մեզի համար ատենին երազ էր կրել ՀՄԸՄ-ի տարազը, ձեզի համար ալ պէտք է երազ ըլլայ, որովհետեւ սուրբ է այս տարազը եւ սուրբ է ՀՄԸՄ-ը:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Շրջանային վարչութեան, որ ինծի նկատի ունեցած է իբրեւ այս հունձքի կնքահայր, ես այս շրջանաւարտներու հունձքը պիտի կոչեմ Սարգիս Ազնաւուրեան սերունդ»։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, որ օրուան խօսքը արտասանեց՝ նշելով.

101_5379101_5391

 

 

 

 

 

 

 

 

«Այսօր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցը կու գայ  տալու շրջանաւարտներու իր երկրորդ հունձքը:

«Խումբ մը տղաք, որոնք պատրաստ են յագեցնելու ծարաւը եւ իրականացնելու փափաքը ՀՄԸՄ-ի բազմահազար համակիրներուն՝ կանաչ դաշտերու վրայ տեսնելու ՀՄԸՄ-ի նորօրեայ դեղին սատանաները:

«ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով կը շնորհաւորեմ բոլոր մարզիկներն ու անոնց պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ մարզիչները, մանաւանդ ձեզ, սիրելի՛ ծնողներ, որ կը քաջալերէք ձեր զաւակները յաճախելու ՀՄԸՄ-ի դպրոցը՝ զանոնք վստահելով ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին:

«Այսօր անմոռանալի օր մը պիտի ըլլայ շրջանաւարտներէն իւրաքանչիւրին համար, որոնք հպարտ ճակատով պիտի կրեն ՀՄԸՄ-ի շապիկը, պիտի մրցին մարզական ոգիով, քրտինք թափեն ու պայքարին դաշտերու վրայ՝ հպարտանքի առիթներ ստեղծելու համար ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն:

«Գնահատանքի խօսք ունինք ֆութպոլի դպրոցի ծնողաց յանձնախումբին, որուն անդամները ճիգ չեն խնայեր հասնելու համար դպրոցի բոլոր կարիքներուն եւ պատանի մարզիկներու պահանջներուն:

«Յաջողութիւն կը մաղթենք այսօրուան շրջանաւարտներուն, որոնք կոչուեցան «Սարգիս Ազնաւուրեան» սերունդ՝ յուսալով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը դառնայ մէկական Սարգիս Ազնաւուրեան, ըլլայ տիպար հայ եւ կերտէ ՀՄԸՄ-ի փառքը՝ ընթանալով  անոր անզուգական «Բարձրացի՛ր-բարձրացու՛ր» նշանաբանով:

«ՀՄԸՄ-ի երթը այսպէս պիտի շարունակուի:

«Ապրի՛ք տղաք, դուք շատ ապրի՛ք։

«Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը եւ ՀՄԸՄ ծնող հայ ժողովուրդը»։

Շրջանային վարչութեան խօսքէն ետք, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի դպրոցին մօտ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Հրայր Ֆերմանեան եւ օրուան կնքահայր Զաւիկ Գալֆայեան կատարեցին 16 շրջանաւարտներու վկայագիրներու յանձնումը:

Ծնողաց յանձնախումբը իր կարգին յուշանուէրներ յանձնեց Ստեփան Տէր Պետրոսեանին, Յակոբ Քէշիշեանին, Հրայր Ֆերմանեանին, Զաւիկ Գալֆայեանին եւ իւրաքանչիւր շրջանաւարտի:

Վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )