«Բագին» Ամսագիր Գրականութեան Եւ Արուեստի

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

PakinՄեր սեղանին վրայ է «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագրի ԾԱ. տարուան թիւ 3-ը։ Խմբագիր Յակոբ Պալեան «Բագին»-ի էջերը կը ջերմացնէ հայրենի եւ սփիւռքահայ գրողներու ստեղծագործութիւններով։ Բանաստեղծութիւն, արձակ, պատմագիտական թէ մշակոյթի վերաբերեալ յօդուածներ, յաճախ՝ նոր անուններու ստորագրութեամբ։

«Բագին»-ի խմբագրապետը ընդհանրապէս կը քաջալերէ նոր եւ անյայտ գրողները, յոյս յայտնելով, թէ անոնք անպայման կրնան լաւագոյնին մատչիլ, երբ շարունակեն հետեւիլ գրականութիւն ստեղծելու իրենց ներքին ձայնին։

Յակոբ Պալեան կը հետեւի նաեւ միջազգային գրականութեան։ Ան հաւատարիմ ընթերցող մըն է եւ կը փնտռէ նորութիւններ՝ միջազգային մամուլի եւ արուեստի ոլորտներուն մէջ փայլուն անուններ, կը թարգմանէ անոնց հեղինակած գիրքերուն կամ յօդուածներուն հետաքրքրական երեսները։ Ան հետամուտ է նաեւ հայոց վերաբերեալ օտարազգի գրողներու գրականութեան յայտնաբերման՝ ընթերցողը միացնելով իր հետաքրքրութեամբ  ուրախանալու, հիանալու կամ տխրելու։

«Բագին»-ի այս համարին մէջ գրութիւններ ունի Յ. Պալեան, որ գրած է վերջերս Հայաստանի մէջ մահացած Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի մասին, յաջորդ էջին մէջ տպելով Լեւոն Անանեանի «Նամակ թուրք բարեկամիս» գրութիւնը։

Այս թիւին գլխաւոր նիւթն է կամ յայտնաբերումը՝ ֆրանսական մամուլի հռչակաւոր գրողներէն Ֆրանց Օլիվիէ Ժիզպերթի նոր լոյս տեսած մէկ վէպին՝ «Լա քուիզինիէր տ՛Իմլեր»-ի ներկայացումը, որ կը թարգմանուի «Հիմլերի խոհարարուհին»։

Այս թիւով գրութիւններ ունին նաեւ՝ Աբրահամ Ալիքեան (բանաստեղծութիւն), Սարգիս Կիրակոսեան (բանաստեղծութիւն), Մարուշ (բանաստեղծութիւն)։

Արձակ էջեր ստորագրած են՝ Մարուշ Երամեան, Իշխան Չիֆթճեան, Սուսաննա Յարութիւնեան, Հրաչ Բեգլարեան։

Բեմադրիչ-դերասան Պերճ Ֆազլեանէն կը կարդանք թատերական երկ մը։

«Բագին» տեղ տուած է նաեւ թարգմանական գրականութեան։ Այս մասին մեր յօդուածի սկիզբին անդրադարձանք «Հիմլերի խոհարարուհին» վէպին, հեղինակ Ֆրանց Օլիվիէ Ժիզպերթ։ Վէպը կը բովանդակէ զգայնացունց վկայութիւններ՝ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներէն (1915, որ թարմատի աղջկան մը՝ Ռոզինի ոդիսականն է)։ Յակոբ Պալեան թարգմանած է վէպը ֆրանսերէնէ եւ կը թելադրէ ընթերցողին կարդալ ամբողջ գիրքը։

«Գրական Աշխարհ» բաժինին մէջ կը կարդանք գաղափարախօսական, ազգային, քաղաքական եւ համայնքային եզրերու իրարանցումին եւ շփոթին մէջ նիւթը՝ ստորագրութեամբ Յակոբ Պալեանի։

Տեղ տրուած է «Իմացական աշխարհ»-ին։ «Հայկական հարցի քննարկումները» նիւթով գրութիւն ունի Յովհաննէս Զատիկեան։

Վերջին էջերուն մէջ ամսագիրը կ՛անդրադառնայ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ թատերագրութեան մրցանակաբաշխութեան»։ Կը յաջորդէ արուեստի վերաբերեալ գրութիւնը եւ ակնարկը։ Այս էջերուն կը ծանօթանանք արուեստագէտ դերասան Ժիրայր Բաբազեանին, որուն արուեստին անդրադարձած է Յ. Պ.։ Այս թեմայով Սիմոն Աբգարեան կը վկայէ Ժիրայր Բաբազեանի մասին։

Կողքի լուսանկարը կը ներկայացնէ Տիգրան Չուխաճեանի «Կարինէ» օփերան, բեմադրութիւն՝ Ժիրայր Բաբազեանի։

***

Գրականութեան եւ մշակոյթի տարբեր մարզերը պարզաբանող ամսագիրն է «Բագին»։ Բացի հայկական նիւթերէ, հոն կը կարդանք միջազգային արուեստի, գրականութեան եւ մշակութային կեանքէն վերցուած ուսանելի գրականութիւն։ Կ՛արժէ կարդալ «Բագին»-ի բոլոր թիւերը, մասնաւորաբար՝ այս ԾԱ. թիւը, որովհետեւ հոն տրուած է վկայութիւնը ֆրանսացի գրողի մը՝ թուրք «մեծապատիւ» դէմքերու սեռային անասնական ախորժակներուն մասին։ Անոնք անմեղ հայ աղջնակները ենթարկած են իրենց խենէշ կիրքերուն (ինչպէս կը մատնանշէ Յ. Պալեան)։

Հայ ժողովուրդը ունի բազմատեսակ վկայութիւններ՝ հայ տառապած ու ջարդէն փրկուածներու գրիչով։ Երբ կը կարդանք օտարազգի գրողին վկայութիւնը, հայերուս համար անիկա կ՛ունենայ մեծ նշանակութիւն, իսկ թուրքին, թուրք ժողովուրդին անմարդկային վարքին մասին՝ արձանագրուած սարսափեցնող վկայութիւն։

Այս առիթով կ՛ունենանք այն փափաքը կամ բաղձանքը, թէ կ՛ուզէինք Ֆրանց Օլիվիէ Ժիզպերթը հրաւիրուէր Լիբանան, եւ ծանօթանայինք այս անկեղծ գրիչ շարժած գրողին, համբաւաւոր լրագրողին։

Կ՛արժէ նման գրողներուն կամ արուեստագէտներուն կուրծքէն կախել հայկական մեծագոյն շքանշանը։ Երանի թէ նման նախաձեռնութիւն մը չուշանար մեր Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընդառաջ այս օրերուն։

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )