Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի Մաքրարշաւը՝ Այնճարի Քաղաքապետութեան Հետ Գործակցաբար
Հինգշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2013-ին, Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները, ատենամարզանքի պահուան փոխարէն, օրուան վերջին երկու պահերը յատկացուցին գիւղի մաքրութեան՝ գործակցութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան:
Քաղաքապետութեան կողմէ անոնց տրամադրուեցան յատուկ աղբամաններ, որպէսզի մաքրեն գիւղին հիմնական ճամբաները եւ շրջապատին պատգամեն՝ մաքուր պահելու իրենց բնօրրանը:
Կէսօրուան ժամը 1:15-ին, աշակերտները մաքրութեան վերաբերող կարգախօսներ արտասանելով եւ կոչեր կրող պաստառներ բարձրացուցած իրենց ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ սկսան մաքրարշաւի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակէն. երբ հասան Այնճարի հիմնական հրապարակը այնտեղ դիմաւորուեցան քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանին, վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանին եւ Լիբանանի մէջ գործող կենսոլորտի «էս.Փի.Էն.Էլ.» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Քաղաքապետը մեծ ուրախութեամբ քաջալերեց աշակերտները եւ գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը՝ իբրեւ օրինակելի եւ շինիչ երեւոյթ:
Ապա խօսքը ուղղելով «էս.Փի.Էն.Էլ.» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն՝ ան ըսաւ. «Մենք միշտ պատրաստ ենք գործակցելու ձեզի հետ»։ Ան հաստատեց, որ եկող սերունդներն ալ պատրաստ են իրենց սկսած գործը շարունակելու՝ մաքրել միջավայրը եւ նպաստել կենսոլորտի մաքրութեան:
Ներկաներուն իր խօսքը փոխանցեց նաեւ վարժարանի տնօրէնը՝ շեշտելով, որ առողջ ապրելակերպի հիմնական գրաւը կը կայանայ ընդհանուր մաքրութեան, անապական կենսոլորտի եւ պայծառ բնութեան մէջ:
Ան միջավայրի մաքրութեան եւ բնութեան պաշտպանութեան նախանձախնդրութիւնը հաւաքական պատասխանատուութիւն եւ քաղաքական կրթութեան արժէք համարեց՝ խրախուսելով աշակերտները՝ իբրեւ գիւղի բնակիչներ, տէր կանգնելու այդ պատասխանատուութեան ու արժէքին:
Այնուհետեւ, քաղաքապետը, «էս.Փի.Էն.Էլ.» կազմակերպութեան ներկայացուցիչն ու տնօրէնը կատարեցին բացումը հրապարակի կողքին դրուած ցուցատախտակ նշանակին, որ վարժարանին անունով կը թելադրէ բոլորին՝ մաքուր պահել գիւղը:
Մաքրարշաւէն ետք, աշակերտները ուղղուեցան «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն, ուր հիւրասիրուեցան քաղաքապետութեան կողմէ: Կ՛արժէ յիշել, թէ մաքրարշաւը չորս տարիէ ի վեր արդէն աւանդութիւն դարձած է նախակրթարանի բաժանմունքին մէջ:



