ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՄՊՈՏԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Աուախ Քամպոտիոյ վարչապետին նամակը կը յանձնէ նախագահ Սլէյմանին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Քամպոտիոյ արտաքին գործոց նախարար Աուախ Պորիսը, որմէ ստացաւ նամակ մը` ուղղուած Քամպոտիոյ վարչապետին կողմէ:

Այս նամակով Քամպոտիոյ վարչապետը նախագահ Սլէյմանէն կը խնդրէր Լիբանանի զօրակցութիւնը, որպէսզի Քամպոտիա կարենայ իր թեկնածութիւնը առաջադրել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ երկիրներու 2013-2014 նստաշրջանի անդամակցութեան:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ:

Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ հանգրուանին ընթացքին նախարարներուն ունենալիք  գործունէութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաան, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES