ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄՇԱԿՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՌԱՋԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

Նախարարական յանձնախումբի նիստը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր  նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակելու նախարարական յանձնախումբի առաջին նիստին:

Նախքան նիստին գումարումը, վարչապետ Միքաթի վարչապետարան մուտք գործելէ ետք շեշտեց, որ իրեն համար առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ ժողովուրդին կարիքները հոգալ, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական հարցերը լուծել եւ ոչ թէ վրէժխնդրութեամբ զբաղիլ:

Վարչապետը շեշտեց նաեւ, որ կառավարութիւնը աշխատանքի  անձնակազմ մըն է, որ պիտի զբաղի Լիբանանը յուզող մարտահրաւէրները դիմագրաւելով եւ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու սահմանադրական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը պահպանելով:

Ապա վարչապետ Միքաթի նախագահեց նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն մասնակցեցան նախարարներ Նիքոլա Նահհաս, Ալի Հասան Խալիլ, Նազեմ Խուրի, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Մոհամետ Սաֆատի, Ալի Քանսօ, Շաքիպ Քըրթպաուի, Շարպել Նահհաս եւ Մոհամետ Ֆընէյշ` ներկայութեամբ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհել Պուժիի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին բովանդակելիք գլխաւոր եւ հիմնական կէտերը, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ տնտեսական շարք մը հարցեր, որոնք կը հետաքրքրեն լիբանանցիները:

Որոշուեցաւ նախարարական յանձնախումբին մէջ նկատի ունենալ նաեւ նախարարներ Ժըպրան Պասիլն ու Ուալիտ Տաուքը:

Նախարարական յանձնախումբը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ երեքշաբթի յետմիջօրէին, վարչապետարանին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES