Գէորգ Գասպարով. «Պիտի Փորձեմ Ֆութպոլիստի Իմ Արհեստավարժ Ասպարէզս Շարունակել Իրանի Մէջ»
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, թէ ի՛նչ է այն պատճառը, որուն իբրեւ հետեւանք Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Գէորգ Գասպարով հեռացաւ իրանեան իր ակումբէն՝ Զոպ Ահանէն։
«Քանի մը այլ առիթներով ըսած էի, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուելէս դժգոհ էի։ Այն յոյսով էի, որ ախոյեանութեան առաջին շրջանէն ետք խրուաթ մարզիչը հեռանայ եւ ես վերստին իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայանամ։ Այդպէս ալ պատահեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, ակումբին պատասխանատուները անոր տուած հրաժարականը մերժեցին, եւ ան շարունակեց իր պաշտօնը՝ դաշտ ներկայացնելով այն բերդապահը, որուն հետ իր յարաբերութիւնները լաւ են։ Ակումբին նախագահը թէեւ ինծի ըսաւ, որ իմ տեղս պահեստի մարզիկներուն հետ չէ, բայց ինք այդ գծով ոչինչ կրնայ ընել։ Հետեւաբար, ստիպուած եղանք մեր կնքած պայմանագրութիւնը խզելու», ըսաւ Գասպարով։
Պատասխանելով հարցումի մը, թէ ի՞նչ են ապագայի իր ծրագիրները, ան ըսաւ. «Պիտի փորձեմ ֆութպոլիստի իմ ասպարէզս շարունակել Իրանի մէջ։ Ներկայիս կը սպասեմ փաստաթուղթերուն, որպէսզի դառնամ ազատ մարզիկ։ Խումբերուն մեծամասնութիւնը արդէն իսկ ամբողջացուցած է իր շարքերը. անոնք նոր մարզիկի մը կարիքը չունին։ Ստացայ միայն առաջարկ մը, որ սակայն մերժեցի՝ նկատի ունենալով, որ ինծի ներկայացուցին այնպիսի բնակարան մը, ուր ընտանիքով ապրիլը բաւական դժուար է։ Եզրափակելով ըսեմ, որ Հայաստանէն եւս որեւէ առաջարկ ստացած չեմ»։

