Ճորքայէֆ. «Ֆրանսա Կրնայ Յաղթել Ուքրանիոյ»
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ, հայազգի Եուրի Ճորքայեֆ անդրադարձած է Ֆրանսա – Ուքրանիա մրցումին, որ կ՛իյնայ 2014-ի Մոնտիալի փլէյ-օֆի ծիրին մէջ։
Վկայակոչելով ֆրանսական «լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթին հրապարակած մէկ լուրը՝ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ հետեւեալը, մէջբերելով Ճորքայեֆի խօսքերը. «Մեզի համար բաւական դժուար մրցում մը կայ կատարելիք։ Կը զգամ սակայն, որ մեր խումբը աւելի լաւ տրամադրուած է այդ մրցումին։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է ըլլանք բաւական ուշադիր։ Նախորդ տարի մենք արդէն թակարդը ինկանք՝ մրցակիցը թերագնահատելու պատճառով»։
Նշենք, որ Եւրոպայի սահմանագօտիին մէջ 2014-ի Մոնտիալին փլէյ-օֆի մրցումներուն թուական ճշդուած է 15 եւ 19 նոյեմբերը (երթուդարձ)։
CATEGORIES Մարզական