Նիքիթա Սիմոնեան Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի Շքանշանով Պարգեւատրուեցաւ
Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ, Մելպուռն-1956-ի ողիմպիական խաղերու ախոյեան, անցեալի ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Նիքիթա Սիմոնեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի շքանշանով, կը յայտնէ ArmSport.am՝ իր լուրը քաղելով Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջէն։
Պարգեւատրման այս արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէի Մոսկուայի գրասենեակին մէջ։
Այս առիթով Սիմոնեան ըսաւ. «Յարգանքի եւ երախտագիտութեան շատ մեծ եւ խոր զգացումով կ՛ընդունիմ այսպիսի մեծ պարգեւ մը, ինչպիսին է պարագան Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի շքանշանին։ Կը մաղթեմ, որ Հայաստանի Ազգային ողիմպիականը անընդհատ համալրուի ողիմպիական ախոյեաններով»։
CATEGORIES Մարզական

