Կիրակի, 17 Նոյեմբերին՝ Ճատրակի Միօրեայ Մրցաշարք՝ Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Ճատրակի Ակումբին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 17 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը, նուիրուած՝ Լիբանանի անկախութեան տօնին։

Տեղի պիտի ունենան 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգերու մրցումներ՝ 6 հանգրուանով, իւրաքանչիւր խաղացողի համար՝ 15 վայրկեան, որուն վրայ կ՛աւելնայ 5 երկվայրկեան՝ իւրաքանչիւր շարժումի համար։

Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ միութեան կեդրոնին մէջ՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ փողոց, «Ֆախրի» շէնք, Ա. յարկ։

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Հիւսէյն Համմուտ, որ այս մրցաշարքի կազմակերպիչ ակումբին ընդհանուր պատասխանատուն է, յայտնեց, որ դիւրացնելու համար իր աշխատանքը եւ մրցաշարքը կանուխ աւարտելու նպատակով, անոր մասնակցիլ փափաքողները պարտին հեռաձայնել հետեւեալ երկու թիւերէն մէկուն. 03-771795 եւ 03-300166։

Աւարտին տեղի պիտի ունենայ բաժակներու եւ մետալներու բաշխումը։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )