Նշմար. Պրաւօ՛ Տղաք
Երբ տեղական շրջանակներուն մէջ կը խօսինք լիբանանեան հեծելարշաւի մասին, անպայմանօրէն կ՛անդրադառնանք հայ հեծելանւորդներուն ու յատկապէս ՀՄԸՄ-ի հեծելանւորդներուն, որոնք ոսկի տառերով իրենց անունները փորագրած են Լիբանանի մարզական պատմութեան էջերուն վրայ։
Հին սերունդը վստահաբար պիտի յիշէ Պալըքճեան, Նալչայեան ու Ծատուրեան եղբայրները, Ազատ Գալաճեանը, «Երջանիկ»-ը, «Փեթի» Ներսէսը, Կարօ Համալեանը եւ շատ ու շատ ուրիշներ՝ հասնելով մինչեւ այն ՀՄԸՄ-ական եղբայրները, որոնք հաստատած են մրցանիշեր ու ներկայացուցած Լիբանանը աշխարհի ախոյեանութեան եւ ողիմպիական խաղերուն։ Աւելի քան 70 տարիներ ՀՄԸՄ-ի հեծելանւորդները տիրապետած են հեծելարշաւին եւ նուաճած անհատական ու խմբային հարիւրաւոր ախոյեանութեան տիտղոսներ։
Այսօր պատկերը կարծես կը մնայ նոյնը. սակայն Նալչայեաններուն ու Ծատուրեաններուն տեղը գրաւած են նոր մարզիկներ։ Այսպէս՝ խմբապետ Գէորգ Ալթունեան, Սալահ Ռապպահ, Հայկ Մելիքեան, Կարօ Քելեշեան, Սիմոն Փանոսեան, Խորէն Ահարոնեան եւ Պրիւնօ Տապաղեան մայիս 2013-էն մինչեւ նոյեմբեր 2013, եօթը ամիսներ պայքարելէ ետք ու նախքան վերջին հանգրուանը, ՀՄԸՄ-ի կամքը պարտադրեցին ու կարողացան խմբային աշխատանքով գրաւել Լիբանանի հեծելարշաւի անհատական դասաւորման առաջին դիրքը՝ Սալահ Ռապպահի ճամբով։ ՀՄԸՄ-ի 7 տղաքը կարողացան պայքարիլ բոլոր ակումբներուն դէմ (որոնք աւելի քան քառասուն հազար տոլար տրամադրած են) եւ իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին հաւաքական մարտավարութեամբ նուաճեցին առաջնակարգ դիրքերը՝ իրենց ետին ձգելով… բոլորը։
Գէորգը, Սալահը, Հայկը, Կարոն, Սիմոնը, Խորէնն ու Պրիւնոն մրցեցան ՀՄԸՄ-ի դրօշը բարձր պահելու միտումով։ Իրենց համար կարեւոր չէր, թէ ո՛վ պիտի գրաւէր առաջին դիրքը, այնքան ատեն որ ՀՄԸՄ-ի եռագոյնը պիտի գրաւէր «Փոտիոմ»-ին բարձրագոյն աստիճանը, իսկ միւս բոլորը պիտի մրցէին գրաւելու համար միմիայն… երկրորդ դիրքը։ Ֆրանսացիները պիտի ըսէին՝ «Շափօ պա», իսկ մենք կ՛ըսենք,՝ «Ապրի՛ք տղաք»։ Ապրի՛ք, որովհետեւ դիւրին չէ Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ փորձեր կատարել այնքան վտանգաւոր ճամբաներու վրայ, եւ երբեմն ձեր կեանքը վտանգի տակ դրի՛ք, արհամարհեցի՛ք բոլոր դժուարութիւններն ու… յաղթեցի՛ք։ ՀՄԸՄ-ը դարձեալ յաղթեց։
Այս կիրակի, 17 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին կազմակերպելիք վերջին հանգրուանը։ Արդիւնքը արդէն իսկ յստակ է։ ՀՄԸՄ-ի հեծելանւորդները պիտի կատարեն այս տարեշրջանի ամէնէն «հանգիստ» մրցումը, որովհետեւ իրենց համար պարզ է, թէ ո՛վ է Լիբանանի լաւագոյն խումբը, առաջինը՝ ՀՄԸՄ-ը։
Կոչ կ՛ուղղենք ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն եւ մասնաւորապէս հեծելարշաւի սիրահարներուն ներկայ գտնուիլ վերջին հանգրուանի մրցումին, քաջալերելու մեր մարզիկները, բարձր գիտակցութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ականի առաքինի յատկանիշներով ու ծափողջոյններով բացագանչելու՝ «Պրաւօ՛ տղաք»։
ՀՄԸՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

