Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա խստիւ դատապարտեց շէյխ Սաատէտտին Ղիյայի սպանութիւնը՝ աւելցնելով, որ լիբանանեան իշխանութիւններէն կը պահանջուի հետաքննութիւնը արագացնել՝ բացայայտելու համար ոճիրին դրդապատճառները։
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի դատապարտեց շէյխ Սաատէտտին Ղիյայի սպանութիւնը՝ շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ ապահովական խախտումները պիտի յանգին վատագոյնին։
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման լիբանանեան-սէուտական վեհաժողովին ընթացքին պէտք էր առանձին հանդիպէր Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հետ եւ ոչ թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայութեան։
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը։
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան պիտի յանձնէ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ մը, որ իր մօտ արգելափակուած է Մաամուրայի մէջ գտնուած ինքնաշարժը ականելու յանցանքով։
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը՝ 300 լ. ոսկիով, սակայն միւս կողմէ՝ կազի թիթեղին սակը սղած է 500 լ. ոսկիով։
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը առիթ պիտի չտան, որ նախագահական ընտրութիւնները ձգձգուին։
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռիատի հանդիպումին ընթացքին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին յայտնած է, որ իրենք կառավարութեան մաս պիտի չկազմեն, եթէ Հըզպալլա Սուրիայէն չհեռանայ։
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք հաշտուած են ընթացիկ կառավարութեան գաղափարին, այնքան ատեն որ ան կը գոյատեւէ։
ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ երեքշաբթի, 26 նոյեմբեր 2013-ին Լիբանանի բոլոր դպրոցներուն մէջ դասադուլ պիտի կատարուի, եթէ խորհրդարանը շարունակէ յետաձգել ուսուցիչներուն յաւելումները վաւերացնելու թղթածրարը։

