«Սէուտական Արաբիա Կը Զօրակցի Ազգային Երկխօսութեան Ուղիին» Շեշտեց Ասիրի
Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին միջեւ հանդիպումը եղած է դրական։
Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտուած են քաղաքական թէ տնտեսական մարզերուն պարագային յարաբերութիւնները ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելու հեռանկարները։
Սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ասիրի հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը նախագահ Սլէյմանին յայտնած է, որ Ռիատ կը զօրակցի Լիբանանի բոլոր համայնքներուն շահերը ապահովող ազդակներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին։
«Սէուտական Արաբիա կը զօրակցի լիբանանեան ազգային երկխօսութեան ուղիին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան եւ շրջանը հարուածող միջադէպերուն նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին», եզրափակեց ան։

