Շարպել Կոչ Ուղղեց Գործադրելու Թրիփոլիի Ապահովական Ծրագիրը

Marwan SharbelՆերքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց գործադրելու Թրիփոլիի ապահովական ծրագիրը՝ աւելցնելով, որ այդ ծրագիրին գործադրութիւնը կը կարօտի գումակային ծառայութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջական կերպով հաստատել անվտանգութիւնը։

Շարպել նշեց, որ շէյխ Սաատէտտին Ղիյայի սպանութիւնը անարգ ոճիր մըն է՝ նկատել տալով միաժամանակ, որ այդ ոճիրը խստիւ մերժելի է։ «Քաղաքական տարակարծութիւնները պէտք չէ սպանութիւններու յանգին», ըսաւ Շարպել՝ աւելցնելով, որ այս հանգրուանին պէտք է շատ զգուշ ըլլալ, որպէսզի երկիրը կարելի ըլլայ տեղափոխել դէպի ապահով նաւահանգիստ։

Շարպել շեշտեց, որ ապահովական կառոյցները լուրջ են ոճրագործը բացայայտելու իմաստով։

Share this Article
CATEGORIES