Վ. Սապունճեան. «ՄԱԿ-ը Իր Տրամադրելիք Նպաստին Մէջ Նախապատուութիւնը Պէտք Է Տայ Լիբանանեան Արտադրութեան»

Սապունճեան եւ Ճափոնի դեսպանը

Սապունճեան եւ Ճափոնի դեսպանը

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Սիյչի Օցուքան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Ճափոնի միջեւ գործակցութեան եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդման հեռանկարները։

Օցուքա Վ. Սապունճեանին յանձնեց հրաւէր մը՝ ներկայ գտնուելու համար ճափոնական կառավարութեան եւ Արաբական լիկային կազմակերպած տնտեսական հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբեր 2013-ին՝ Թոքիոյի մէջ։

Վ. Սապունճեան ընդունեց նաեւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր։

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուելիք նպաստին մէջ նախապատուութիւնը պէտք է տրուի լիբանանեան արտադրութիւններուն։

Միւս կողմէ, Վրէժ Սապունճեան երէկ հովանաւորեց եւ բացումը կատարեց Լիբանանեան համալսարանի ճարտարապետական բաժանմունքին կազմակերպած աշխատանք ապահովելու յատուկ ձեռնարկին, որուն ընթացքին Վ. Սապունճեան ընդգծեց, որ սեփական մարզը իր վարուելակերպով դարձեալ փաստած է, թէ կրնայ շրջանցել երկրին դէմ ծառացող դժուարութիւնները։

Վ. Սապունճեան հաստատեց նաեւ, որ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը այդքան ալ աղէտալի չէ՝ աւելցնելով, որ ոմանք քաղաքական պատճառներէ մեկնելով կը փորձեն վատ պատկեր տալ տնտեսական կացութեան։

Share this Article
CATEGORIES