Պաշիր Կ՛ամբաստանուի Պետութեան Դրամը Իւրացնելու Եւ Լուալու Յանցանքով
Ելեւմտական դատական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ալի Իպրահիմ երէկ Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Պաշիրը եւ անոր կինը, ինչպէս նաեւ «Ֆաուքաու» ընկերութեան սեփականատէր Հիւսէյն Ֆաուազը եւ անոր կինը ամբաստանեց պետութեան դրամը իւրացնելու եւ լուալու յանցանքով։
Դատախազ Ալի Իպրահիմ ամբաստանեալները փոխանցեց Պէյրութի աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի։
CATEGORIES Լիբանանեան

