Միքաթի Ընդունեց Էլիաս Մըրը

Մըր եւ Միքաթի

Մըր եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց «Ինթըրփոլ»-ի նախագահ Էլիաս Մըրը, որուն շնորհաւորեց իր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն։

«Մըր գործունեայ անձնաւորութիւններէն մէկն է եւ հետապնդած է շարք մը ազգային հարցեր, իսկ մեր միջեւ գործակցութիւնը եղած է կարեւոր՝ նկատի ունենալով Լիբանանի շրջանցած պատմական այդ կարեւոր հանգրուանը», ըսաւ Միքաթի։

Հանդիպումէն ետք Միքաթի ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Մըրի։

Մըր վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին «Ինթըրփոլ»-ի դերակատարութիւնը բարելաւել՝ գործակցելով սեփական մարզին հետ։

Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Ֆրանսուա Պասիլի։

Միքաթիի այցելեց նաեւ Հարիրիի անուան պետական հիւանդանոցի պաշտօնէութեան մէկ պատուիրակութիւնը։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )