Պըրրի. «Իսրայէլեան Լրտեսումի Թղթածրարը Մինչեւ Վերջ Պիտի Հետապնդուի»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնցմէ գլխաւորը եղաւ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կատարած լրտեսումները։

Այս իմաստով Պըրրի ողջունեց տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նիստը եւ անոր արդիւնքներն ու եզրակացութիւնները։

Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց շարունակելու այս իմաստով ի գործ դրուող ջանքերը՝ շեշտելով, որ խորհրդարանին կողմէ իսրայէլեան լրտեսումի թղթածրարը մինչեւ վերջ պիտի հետապնդուի։

Պըրրի զգուշացուց իսրայէլեան այս ոտնձգութիւններէն՝ շեշտելով, որ այս հարցը ազգային հարց է, որ կը վերաբերի լիբանանեան պետութեան հաստատութիւններուն եւ բոլոր լիբանանցիներուն։

Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որ խորհրդարանի նախագահին յանձնեց Իրան այցելութեան հրաւէր մը՝ ուղղուած իրանցի անոր պաշտօնակիցին՝ Ալի Լարիճանիի կողմէ։

Ապատի յայտարարեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանի յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 19 նոյեմբերին՝ քննարկելու համար շարք մը օրինագիծեր։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )