Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Հսկիչ Խորհուրդներուն Զգուշ Հետեւելու Պետական Հաստատութիւններուն Եւ Քաղաքապետարաններուն Աշխատանքին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիա իր կատարած այցելութեան արդիւնքները։
Պաապտայի մէջ նախագահ Սլէյման նախագահեց նաեւ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան քաղաքապետարաններու յատուկ հսկիչ խորհուրդները, ինչպէս նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, Հսկիչ եւ պատժական միջոցներ տնօրինող գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Մարուան Ապպուտ եւ այլ պատասխանատուներ։
Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման հետեւեցաւ հսկիչ խորհուրդներուն կատարած աշխատանքներուն՝ ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է պետական հաստատութիւններուն եւ քաղաքապետարաններուն մէջ արձանագրուող օրինազանցութիւնները հակակշիռի տակ առնել եւ բծախնդիր կերպով կատարել բոլոր աշխատանքները՝ գործադրելով պետական կարգն ու կանոնը։
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի եւ Զուիցերիոյ դեսպաններ Շոյ Ճոնկ Իլը եւ Ռութ Ֆլինթը։
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Ազգային ազատականներ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն եւ նախկին երեսփոխան Միխայէլ Տահեր։
Միւս կողմէ, սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ նախագահական պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ժողովրդավարական չէ։
Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին լիբանանցի մեղսակիցներուն՝ ան կոչ ուղղեց բոլորին դադրելու Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալէ եւ վերադառնալու Լիբանան՝ լիբանանեան քաղաքացիական ընկերութենէն վտանգները հեռացնելու նպատակով։
Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ ինք կը զօրակցի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու գաղափարին՝ մեկնելով այն իրականութենէն, որ երկիրը եւս վտանգներ կը դիմագրաւէ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն պատճառով։