«Ի՛նչ Ալ Ըլլան Վտանգներն Ու Սպառնալիքները, Մենք Աշուրայի Օրը Մեր Հիւսէյնը Առանձին Պիտի Չձգենք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

sayid_nasrallaԱշուրայի սգատօնին առիթով՝ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան անձամբ ներկայ գտնուեցաւ Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ տեղի ունեցած սուգի երեկոյին։

Հակառակ իմամներ Հասանի եւ Հիւսէյնի սպանութեան համար տիրող սուգի մթնոլորտին, սէյիտ Նասրալլայի ներկայութիւնը մեծ խանդավառութիւն  յառաջացուց իր ղեկավարին նկատմամբ այդքան կարօտ տածած Դիմադրութեան համակիրներուն մօտ։

Վայրկեաններ ետք կարգապահութիւնը վերահաստատուեցաւ եւ աղօթքի սովորական նախաբանով սէյիտ Նասրալլա սկսաւ խօսիլ իր ուղղակի ճառը։

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ շրջանային իրադարձութիւններուն՝ նշելով, որ եթէ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը իսրայէլեան դիտանկիւնէն պիտի մեկնենք, ապա ան կը ծառայէ Իսրայէլի շահերուն։

«Արաբական թէ իսլամական աշխարհին մէջ պարզուած պատկերը, համայնքային եւ յարանուանական պառակտումներն ու սադրանքները կը ծառայեն Իսրայէլի շահերուն եւ առիթ կու տան անոր, որ ան իր հակակշիռը բանեցնէ շրջանին վրայ եւ դառնայ գլխաւոր ուժը, ինչպէս նաեւ իր պայմանները պարտադրէ շրջանի երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն վրայ», ըսաւ ան։

Շարունակելով խօսիլ Իսրայէլի մասին՝ սէյիտ Նասրալլա հաստատեց նաեւ, որ Իսրայէլ միաժամանակ մտահոգ է ապագայով, որովհետեւ ան մնայուն կերպով պատերազմ կը փնտռէ եւ դէպի պատերազմ կ՛առաջնորդէ ուրիշները, որպէսզի ինք մնայ առողջ եւ հզօր։

«Իսրայէլ կը փորձէ նաեւ ամերիկացիները մղել պատերազմի, սակայն ան չի յաջողիր, որովհետեւ ամերիկացի ժողովուրդը կը մերժէ այդ ընտրանքը՝ նկատի ունենալով պատերազմական բոլոր շրջաններուն մէջ իր արձանագրած պարտութիւնները», ըսաւ ան։

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ բանակցութիւններուն ձախողութեան պարագային, շրջանին մէջ հսկայ պատերազմ պիտի բռնկի եւ պիտի ըլլայ շրջանը քանդող պատերազմ մը։

Այս շրջագիծին մէջ, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ կարգ մը արաբական երկիրներ կը մեղսակցին թշնամի Իսրայէլին՝ աւելցնելով, որ 2006-ին Դիմադրութեան դէմ Իսրայէլի մղած պատերազմին ընթացքին արաբական երկիրներ Իսրայէլէն պահանջած են շարունակել պատերազմը, որովհետեւ Դիմադրութեան յաղթանակը ամօթի կը մատնէ անձնատուր եղած արաբ ղեկավարները։

Ակնարկելով Լիբանանի՝ սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Իսրայէլ մնայուն կերպով կը սպառնայ Լիբանանին, յատկապէս վերջերս Լիբանանի դէմ իր լրտեսումը զարգացնելով եւ արդիականացնելով։

«Ամբողջ Լիբանանն ու լիբանանցիները ենթակայ են իսրայէլեան լրտեսումին, եւ ասիկա ազգային հարց մըն է, որ պէտք է պետութիւնը լուծէ։ Եթէ ան կը փափաքի, որ օժանդակենք՝ մենք պատրաստ ենք, իսկ եթէ մեզի չդիմէ, հարց չունինք։ Բայց մենք ինչե՜ր կրնանք կատարել՝ դիմադրելու համար իսրայէլեան լրտեսումին», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա։

Ան ըսաւ նաեւ, որ Լիբանանի գերիշխանութեան սպառնացող երկու այլ ազդակներ են նաեւ լիբանանեան ծովային սահմաններուն ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ քարիւղի արտահանման Լիբանանի իրաւունքին գործադրութիւնը։

Ակնարկելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի՝ Ռիատի մէջ կատարած այն յայտարարութեան, թէ պէտք չէ արտօնել, որ Հըզպալլան որոշէ Լիբանանի ապագան, սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ այդ յայտարարութիւնը ոչինչ կը փոխէ, «սակայն միաժամանակ փաստ մըն է, որ Ուաշինկթընն ու Ռիատը կը ճանչնան մեր ուժը։ Ի վերջոյ մենք չէ՞ինք, որ 2006-ին ձախողեցուցինք Նոր Միջին Արեւելքի կազմութիւնը։ Դիմադրութիւնը, լիբանանեան բանակը եւ լիբանանցիները չէ՞ին, որ արգիլեցին այդ ծրագիրը», հարց տուաւ ան։

Քերրիի յայտարարութեան պատասխանելով՝ սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Մենք Լիբանանի մէջ երկփեղկուած հիմնական երկու կողմեր ենք, սակայն մենք հակառակորդը չենք ուզեր ջնջել։ Այո՛, տարակարծիք կողմեր ենք, սակայն երկուքս կանք, եւ միակ ձեւը ազգային երկխօսութիւնն է, միասնաբար խորհրդակցիլը եւ միասնաբար Լիբանանի ապագան որոշելը»։

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով, որ 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութեան կազմութիւնը անկարելի է, որովհետեւ Սէուտական Արաբիա կ՛արգիլէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդունիլ նման կառավարութեան մը մասնակցութիւնը։

«Վեց ամիսէ ի վեր Ռիատ կը յանձնարարէ սպասել Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, իսկ որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, վերջերս ան կը պատճառաբանէ հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ վեց երկիրներուն միջեւ բանակցութիւնները։ Սակայն յստակ է մէկ բան, որ Իրան Հըզպալլայէն պիտի չխնդրէ վերջ տալ Դիմադրութեան իր առաքելութեան։ Իսկ բանակցութիւններուն ձախողութեան պարագային, բոլորս պէտք է մտահոգուինք, բայց մեր հակառակորդները՝ մեզմէ աւելի», յայտնեց ան։

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ այսօր Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը արտաքին երկիրներու շահերուն կը ծառայեն՝ աւելցնելով, որ լիբանանցիները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները։

Այսօր տեղի ունենալիք Աշուրայի քայլարշաւներուն առումով սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ այս հանգրուանին տիրող կացութիւնը արտակարգ է, յատկապէս ապահովական իմաստով։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բանակին, ապահովական կառոյցներուն եւ սուգի երեկոները կազմակերպող բոլոր մարմիններուն։

«Հակառակ տիրող ներկայ պայմաններուն, մենք, ինչպէս ամէն տարի, վաղը (այսօր) եւս պիտի քալենք Հիւսէյնի եւ սայիտա Զէյնապի համար։ Մենք ոչ ոքի հետ մրցակցելու յաւակնութիւն ունինք, սակայն կը հաստատենք, որ ոչինչ պիտի արգիլէ մեզի. ո՛չ ականուած ինքնաշարժները եւ ո՛չ ալ արիւնահեղութեան սպառնալիքները։ Հիւսէյնին եւ մեր միջեւ ոչինչ կը բաժնէ։ Ի՛նչ ալ ըլլան վտանգներն ու սպառնալիքները, մենք Աշուրայի օրը մեր Հիւսէյնը առանձին պիտի չձգենք», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )