Սպիտակ Տուն. «Իրանի Հետ Դիւանագիտութեան Այլընտրանքը Պատերազմն Է»

whitehouse«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը կը գրէ, որ Սպիտակ տունը Քոնկրեսին դիմած է՝ յայտնելով, որ Իրանի նկատմամբ նոր պատժամիջոցներու սահմանումը կրնայ յանգեցնել պատերազմի։

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի զգուշացուցած է Քոնկրեսը՝ յայտնելով, որ եթէ նախագահ Պարաք Օպամայի՝ իրանեան հիւլէական թղթածրարը բացառապէս դիւանագիտական միջոցներով լուծելու փորձերը ձախողին կամ Քոնկրեսի մեղսակցութեամբ արգելակուին, ապա ան ստիպուած պիտի ըլլայ զինուորական միջամտութեան դիմելու։

«Ամերիկացիները կը նախընտրեն խաղաղ միջոցներով համաձայնութեան գալ Թեհրանի հետ ու կանխարգիլել իսլամական հանրապետութեան հիւլէական ծրագիրի զարգացումը։ Սակայն եթէ համաձայնագիր ձեռք չբերուի, ապա զինուորական գործողութեան սկսելու այլընտրանքը պիտի կիրարկուի», ըսած է ան։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )