Սուրիոյ Մէջ Ժապհաթ Նուսրային Օժանդակելու Համար Լիբանան Ուղղուող Ամերիկացի Մը Ձերբակալուած Է

Պասեթ Ժաուատ Շէյխ

Պասեթ Ժաուատ Շէյխ

«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները յայտնած են, որ իրենք Հիւսիսային Քարոլայնայէն 29 տարեկան Պասեթ Ժաուատ Շէյխը ձերբակալած են միջազգային օդակայանին մէջ, ուրկէ կը պատրաստուէր Լիբանան ուղղուիլ՝ օգնելու համար Սուրիոյ մէջ գործող Ժապհաթ Նուսրա կազմակերպութեան, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութեանց ցանկին մէջ առնուած է։

Իշխանութիւնները կը յայտնեն, որ Պասեթ ծագումով փաքիստանցի է, եւ զինք ձերբակալած են, երբ «Էֆ.Պի.Այ.»-ի մէկ գաղտնի գործակալին յայտնած է, որ կ՛ուզէ Սուրիոյ մէջ սրբազան պատերազմ մղել եւ ատոր պատրաստուած է։

Ամերիկեան իշխանութիւնները կը նշեն, որ Պասեթ 2012-ին Թուրքիա գացած է այն յոյսով, որ թրքական սահմանէն Սուրիա մուտք կը գործէ, սակայն քանի մը շաբաթ ետք Հիւսիսային Քարոլայնա վերադարձած է։

Share this Article
CATEGORIES