Քիւրտերը Սուրիոյ Հիւսիսը Ժամանակաւոր Կառավարութիւն Պիտի Ստեղծեն

KurdsՍուրիոյ հիւսիսը բնակող քիւրտերը յայտարարած են ժամանակաւոր կառավարութիւն ստեղծելու իրենց ծրագիրին մասին։ Քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը այդ յայտարարութիւնը կատարած է Գամըշլիի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու  անդրադառնալով այդ հարցին յայտնեց, որ «այդպիսի ինքնավարութիւն մը կարելի չէ միակողմանիօրէն յայտարարել»։

Share this Article
CATEGORIES