Պոլսոյ Հայկական «Փրկութեան Կացարան»-ը Պիտի Վերածուի Ճաշարան-Պանդոկի

Պոլսոյ «Փրկութեան կացարան»-ը

Պոլսոյ «Փրկութեան կացարան»-ը

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հիմնադրամներու մասին օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութենէն ետք հայերուն վերադարձուած պատմական «Սելամաթ Հան»-ը (Փրկութեան կացարան) պիտի վերածուի վաճառատուն-պանդոկի։

Հայկական պատմական շինութեան առաջին յարկին մէջ ճաշարան մը պիտի գործէ։

«Սուրբ Փրկիչ» հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամի ղեկավար Պետրոս Շիրինօղլու նշած է, որ ստացուած եկամուտը հիւանդանոցի եւ ծերանոցի զարգացման համար պիտի օգտագործուի։

Պատմական շէնքը 2011-ին հայերուն վերադարձուած է երկար պայքարէ եւ դատական քաշքշուկներէ ետք։ Այժմ «Սուրբ Փրկիչ» հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամը զայն վարձակալութեան տուած է թուրք գործարար Քեմալ Ալթընին։

Պետրոս Շիրինօղլու յայտնած է, որ պատմական շինութեան ստորին յարկին մէջ պիտի գործէ ճաշարան մը, իսկ մնացած յարկերը պիտի օգտագործուին իբրեւ պանդոկ։

Պատմական շէնքը 1953-ին հայ համայնքին փոխանցուած է բարերար Գալուստ Կիւլպենկեանի կողմէ։

Share this Article
CATEGORIES