Ժընեւի Համալսարանին Մէջ. Նալբանդեան Դասախօսութիւն Տուաւ Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Մասին

NalbandianԶուիցերիոյ նախկին նախագահ, արտաքին գործոց երկարամեայ նախարար, ներկայիս՝ Ժընեւի համալսարանին մէջ միջազգային յարաբերութիւններուն նուիրուած դասախօսութիւններու շարքի ղեկավար Միշլին Քալմի-Ռէյի հրաւէրով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր ծաւալուն դասախօսութիւն տուաւ Ժընեւի համալսարանին մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդեց, որ դասախօսութեան ընթացքին Նալբանդեան ներկայացուց միջազգային եւ շրջանային խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը, ինչպէս նաեւ պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:

Դասախօսութեան ներկայ էր նաեւ Ժընեւի համալսարանի նախագահ Ժան-Տոմինիք Վասալի:

Share this Article
CATEGORIES