Ազգային Ժողովը Մերժեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ճանաչման» Մասին Օրէնքի Նախագիծը
Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ քուէարկութեամբ մերժեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման» մասին օրէնքի նախագիծը: «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի Հանրապետական, Օրինաց երկիր, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութիւնները չմասնակցեցան քուէարկութեան: Քուէարկութեան մասնակցեցան ընդամէնը 11 պատգամաւորներ, որոնցմէ 10-ն թեր քուէարկեցին օրինագիծին, իսկ 1 պատգամաւոր ձեռնպահ մնաց:
Քուէարկութեան չմասնակցեցան նաեւ պատգամաւորներ Էտմոն Մարուքեան եւ Խաչատուր Քոքոբելեան: Քոքոբելեան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը գերագոյն խնդիր է Հայաստանի համար, սակայն այս պահուն նպատակայարմար չէ նոյնիսկ այդ հարցը Ազգային ժողովին մէջ քննարկման դնել: Ան նշեց, որ ինք քուէարկութեան չի մասնակցիր:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման մասին» օրէնքի նախագիծը Ազգային ժողովի քննարկման ներկայացուցած էր Ժառանգութիւն խմբակցութիւնը: Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը օրինագիծին դրական եզրակացութիւն չէր ներկայացուցած, սակայն պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան դիմած էր Ազգային ժողովի նախագահին՝ օրինագիծը արտակարգ քննարկման դնելու առաջարկով: 12 նոյեմբերին անիկա արտակարգ կարգով քննարկուեցաւ Ազգային ժողովին մէջ, քննարկման ընթացքին պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը դէմ արտայայտուեցաւ օրինագիծի ընդունման:

