Պոլսոյ Մէջ ՀՅԴ- Քրտամէտ ԽԺԿ Աննախընթաց Հանդիպում

Hohita-Qyurd

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 12 նոյեմբերին, ՀՅԴ-ի եւ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (ԽԺԿ) բարձրաստիճան պատուիրակութեանց միջեւ աննախընթաց հանդիպում մը տեղի ունեցաւՊոլսոյ մէջ: 1923-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ ՀՅԴ-ի պաշտօնական պատուիրակութիւն մը Պոլիս կ՛այցելէ:

Քրտամէտ կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կուսակցութեան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւր, իսկ ՀՅԴ-ի պատուիրակութիւնը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, որ նաեւ փոխնախագահն է Ընկերվար միջազգայնականին:

Պոլսոյ հանդիպումը մաս կը կազմէ երկու կուսակցութեանց միջեւ սկսած երկխօսութեանց, որոնք կը կեդրոնանան հայ-քրտական գործակցութեան հաւանականութեան, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Քիւրտիստանի, ինչպէս նաեւ հայ եւ քիւրտ ազգերու ազգային ու ժողովրդավարական իղձերուն վրայ:

Նշենք, որ 29 հոկտեմբերին Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած էր Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակ եւ հանդիպում մը ունեցած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )