«Մեզի Հանդէպ Հայաստանի Անվստահութիւնը Պէտք Է Յաղթահարենք» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու՝ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան շրջանի խնդիրներուն շուրջ նոյնանման մօտեցում ունին։
Ըստ անոր, Թուրքիան ու Ազրպէյճանը միացեալ բազմաթիւ նախագիծեր ունին։
Տաւութօղլու այցելած է Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնին վերընտրուելէ ետք Թուրքիա այցելող Իլհամ Ալիեւին եւ անոր հետ քննարկած Թուրքիա-Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները։
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն կարգաւորման համար ջանքեր կը գործադրուին երեք ուղղութիւններով՝ Հայաստան-Թուրքիա, Հայաստան-Ազրպէյճան եւ սփիւռքն ալ ներառող հայ-թրքական հանդիպումներ։
«Մեզի հանդէպ Հայաստանի ունեցած անվստահութիւնը պէտք է յաղթահարենք, սակայն պէտք չէ անտեսենք օրինական պահանջները Ազրպէյճանի, որուն 20 առ հարիւրը բռնագրաւուած կը մնայ», ըսած է ան։
Ան նաեւ ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յաղթած եւ ուժեղացած ղեկավարներու գոյութիւնը Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ պայմաններ սկսած է ձեւաւորել։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարած է, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին կը պատրաստուի այցելել Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա, եւ այդ այցելութեանց ընթացքին պիտի քննարկէ Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման խնդիրը։
«20 տարիէ ի վեր սառած տագնապը պէտք է ջերմացնել։ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչներէն բաղկացած Մինսքի եռեակը մինչեւ հիմա տագնապը լուծումի չէ հասցուցած։ Ներկայիս մենք համոզուած ենք, որ աստիճանաբար նպատակին հասնելու ուղղուած քայլերը աւելի առողջ արդիւնքի պիտի յանգեցնեն», ըսած է ան։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին Ալիեւի հետ հանդիպումին ժամանակ յայտարարած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը որքան Ազրպէյճանի, այնքան ալ Թուրքիոյ հարցն է»։ Իսկ Ալիեւ պատասխանած է, թէ «վստահ ենք, որ Ղարաբաղի հարցին մէջ Թուրքիա պիտի շարունակէ ըլլալ Ազրպէյճանի կողքին»։
Ալիեւ 12 հոկտեմբերին հասած էր Թուրքիա, ուր հանդիպած էր նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ Տաւութօղլուի հետ։
Կիւլ անոր շնորհած էր «Պետական նշան» շքանշանը։
Երկու Թուրքի Խօսակցութիւն՝ Եւ Հարցը Լուծուեց՞աւ,
Քոչուոր Թուրքը եւ Քոչուոր Թուրք-Ազերին կէ յայտարարեն,
Մէկը կըսէ՝
«Մեզի հանդէպ Հայաստանի ունեցած անվստահութիւնը պէտք է յաղթահարենք»
Եւ,
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը որքան Ազրպէյճանի՝ այնքան ալ Թուրքիոյ հարցն է»։
Եւ,
Միւսը կըսէ՝
«վստահ ենք, որ Ղարաբաղի հարցին մէջ Թուրքիա պիտի շարունակէ ըլլալ Ազրպէյճանի կողքին»։
Եւ Եղեւ Լոյս.
Եւ մենք կը յայտարարենք,
Մենք չենք վստահիր թուրքին՝ ինչպէս որ վստահեցանք Թալաթին տուած յոյսին՝
«Եղբայրութիւն եւ Հաւասարութթիւն»
Եւ ճիշդ նոյն յոյսին հետեւող՝ որպէս յուսախափութիւն՝ Ատանայի Ջարդին.
Թուրքը Թուրք է եւ կը մնայ՝
Թալաթը եւ Կարմիր Սուլթանը պաշտող Ժառանգորդ.
Եւ կը պատասխանենք այս երկու թուրքերուն,
Պատմական Հայաստանը իր անունը չի փոխեր,
Պատմական Հայաստանը կը մնայ Հայաստան,
Եւ Քոչուոր Թուրքը այլեւս տեղ չունի Հայաստանի Սահմաններէն հերս.
Վահան Վանական,
Զուիցերիա