Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Գտնուեցաւ Ղարաբաղի Բանակի Ռազմափորձերուն

4551_b«Հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ առկայ փոխադարձ գործակցութեան ծրագիրի շրջագիծին մէջ աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի մէջ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար-հազարապետ Մովսէս Յակոբեանի եւ բանակի հրամանատարական կազմին հետ միասին այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային հատուածի բանակի շարք մը զօրամասերը եւ զօրամասերու պահպանութեան տակ գտնուող առաջին գիծը», նշուած է երէկ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Այցելութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան ծանօթացաւ բանակաշինութեան ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու ներկայիս վիճակին, որմէ ետք ներկայ գտնուեցաւ բանակային բնագիծի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ առանձին հրաձգային ստորաբաժանումներէն մէկուն ներգրաւումով տեղի ունեցող ռազմափորձերու դիտարկման՝ «Գումարտակի անցումը պաշտպանութեան» նիւթով, որուն ժամանակ ներկայացուեցան պաշտպանութեան բնագիծի գրաւումը եւ պաշտպանական մարտի վարման տարրերը:

Հայաստանի նախագահը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ զինաւանի մէջ զօրանոցի մասնաշէնքի եւ սպաներու համար ժամանցի ու հանգիստի մասնաշէնքի բացման արարողութիւններուն, ծառայութեան ընթացքին փայլած եւ բարեխիղճ սպաներն ու զինուորները պարգեւատրեց թանկարժէք նուէրներով, զրուցեց զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն անդամներուն հետ:

Ցուցադրական օրակարգէն ետք, օրուան աւարտին Բանակի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երկու պետութիւններու նախագահներուն, պաշտպանական նախարարութիւններու ղեկավարներուն եւ հրամանատարական կազմի մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւնը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Լեռնային Ղարաբաղ աշխատանքային այցելութիւնը կը շարունակուի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Վահան Վանական 10 years

    Բռունցքը Հայուն.

    Մենք փոքր ենք, բայց բռունցքով տոկուն.
    Տոկուն, բաւարար՝ փշրելու կարող Թուրք-Ազերիին
    Ճռնչող ատամքը բայլուն.

    Թուրք-Ազերիին ատամքը փայլուն
    Տեսած է արդէն բռունցքը հայուն՝
    Եւ արիւնլուայ գութ էր խնդրում,
    Փռունցքէն հայուն.

    Եւ երէկ էր այս, Թուրք-Ազերիին
    Փշրուած ատամքը փայլուն, եւ արիւլուայ, Ճակատէ Ճակատ,

    Ըսենք Քէլբաչար,
    Ըսենք Քուպաթլի,
    Ըսենք Զանքելան,
    Ըսենք Եւ Աղտամ.

    Բայց են մոռացել.

    Ցաւն են մոռաց՞ել,
    Եւ արդիական սուր ատամներով՝
    Բորենիացած վրէ՞ժ են փնտրում.

    Եւ եթէ այդ է փնտռում
    Թշնամին Հայուն,
    Կրկին մենք կտանք
    Փռունցքով տոկուն
    Հարուածը Հայուն.

    Վահան Վանական,
    Զուիցերիա

  • Disqus ( )