Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն՝ «Միզային Ուղիներու Եւ Լեղուցքի Քարեր (Կազմութիւնը Եւ Հետեւանքները)» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ՝ չորեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միզային ուղիներու եւ լեղուցքի քարեր» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ուռուցկաբան վիրաբուժ տոքթ. Յակոբ Միսիսեան։
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան։ Ան ներկայացուց բանախօսը եւ խօսելով նիւթին մասին նշեց, որ երիկամներու, միզային ուղիներու եւ լեղապարկի քարերու կազմութիւնն ու հետեւանքները բաւականաչափ տարածուած են ու ամէն անհատ անպայման կեանքի ընթացքին կ՛ունենայ եւ կը տառապի տարբեր տեսակի քարերու կազմութենէն ու անոնց հետեւանքներէն։
Տոքթ. Յակոբ Միսիսեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ մարմինին մէջ տարբեր տեղեր կրնան քարեր կազմուիլ ինչպէս՝ լեղուցքի, երիկամներու, թքագեղձերու եւ այլ տեղեր։ Դասախօսութիւնը կեդրոնացաւ գլխաւորաբար հետեւեալ կէտերուն վրայ.
1.- Լեղուղիներու քարեր։
2.- Միզուղիներու քարեր։
Բանախօսը մանրամասն նկարագրեց լեարդը, լեղուցքը եւ շարունակուող ուղին, որ կ՛առաջնորդէ մինչեւ աղիքներ։ Լեղին, որ կ՛արտադրուի լեղապարկի մէջ, հիմնականօրէն կը ներկայանայ իբրեւ լեղապարկի քարերու կազմութեան պատճառը։ Լեղապարկի քարերը կրնան ըլլալ տարբեր չափի, մեծ չափի քարերը աւելի նուազ վտանգ կը սպառնան, քան փոքր չափի քարերը, որոնք կրնան դուրս գալ լեղապարկէն եւ փակել հիմնական ուղին, որ կ՛առաջնորդէ դէպի աղիքները։ Այս պարագային հիւանդին մօտ կացութիւնը աւելի կը բարդանայ։ Լեղապարկի քարերու բուժման գլխաւոր միջոցը գործողութիւնն է, այլ լուծումներ երկրորդական են եւ յաճախ ժամանակաւոր։
Այս բաժինով կարելի է յիշել, թէ լեղապարկի քարերու պարագաներու համեմատական պատկերը աւելի բարձր է կիներու մօտ, մօտաւորապէս 70 առ հարիւրը ընդհանուր թիւին։
Յաջորդ բաժինով տոքթ. Յակոբ Միսիսեան նկարագրեց միզուղիներու կառոյցը։ Միզուղիներու քարերը կը կազմուին երիկամներուն մէջ, այս պարագային ալ կրնան ըլլալ տարբեր չափի՝ փոքր, մեծ, բայց բաղդատելով լեղապարկի քարերուն, փոքր քարերը աւելի նուազ վտանգ կը հանդիսանան, քան մեծ չափի քարերը։
Միզուղիներու պարագային երկու երիկամներու առկայութիւնը կը նպաստէ, որ կազմուած քարերու պատճառած վիճակը չհասնի բարդ վիճակներու։ Բանախօսը նշեց, որ միզուղիներու քարերու բուժման գլխաւոր միջոցը զանոնք պայթեցնելն է։
Աւարտին բանախօսը բացատրութիւններով ու լուսաբանութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն։