ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ

Վեհափառը` նոր նշանակուած նախարարները եւ երեսփոխան Բագրատունին ընդունելու ընթացքին

Հինգ ամսուան երկար խորհրդակցութիւններու ու բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք երկուշաբթի օր կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն մը Լիբանանի մէջ` բաղկացած երեսուն նախարարներէ: Հայ առաքելական համայնքը ներկայ կառավարական կազմին մէջ կը ներկայացնեն Վրէժ Սապունճեան եւ զօրավար Փանոս Մանճեան:

Երէկ առաւօտ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ընկերակցութեամբ երկու նախարարները այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին: Վեհափառը նախ շնորհաւորեց երկու նախարարներու նշանակումը եւ կարեւորութեամբ իրենց ուշադրութեան յանձնեց երեք կէտեր. ա) Ճիշդ է որ ձեր անունները առաջարկուեցան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ, սակայն դուք ձեր գործունէութեան ու ծառայութեան մէջ պէտք է ներառէք ամբողջ Լիբանանի հայութիւնը առանց խտրութեան: բ) Դարձեալ ճիշդ է որ ներկայ կառավարութիւնը քաղաքական մէկ ուղղութիւն կը ներկայացնէ, սակայն հայ համայնքը պէտք չէ կողմի մը հետ ամբողջութեամբ նոյնանայ, այլ` գործակցի բոլոր կողմերուն հետ` ամբողջական Լիբանանի շահերը վեր նկատելով կուսակցական կամ համայնքային շահերէ ու նկատումներէ: գ) Լիբանանի հայութիւնը միշտ գնահատուած է բոլորին կողմէ բարոյական արժէքներուն ու սկզբունքներուն կառչած ըլլալով: Ներկայ ընկերութեան մէջ հետզհետէ ծաւալող շահագործումներէ ու չարաշահումներէ պէտք է վեր մնան մեր համայնքի զաւակները եւ ներկայացուցիչները: Հո՛ս է մեր իւրայատկութիւնը, վարկը եւ հզօրութիւնը, շեշտեց վեհափառը:

Երկու նախարարները յայտնեցին, որ իրենք ամբողջական նուիրումով պիտի ծառայեն Լիբանանի հայութեան եւ հետապնդեն հայ համայնքին իրաւունքը:

Share this Article
CATEGORIES