50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 18 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՄԸ
ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ

Լիոնի «Կալըրի Պելքուսին» մէջ բացուած է փարիզահայ ծանօթ գեղանկարչուհի Սոնիա Թոփալեանի ցուցահանդէսը:

Համակրելի արուեստագիտուհին Փարիզի մէջ իր կազմակերպած ցուցահանդէսով արդէն գտած էր մեծ յաջողութիւն:

Նոյն յաջողութիւնը ունեցած է Սոնիա Թոփալեան Լիոնի մէջ ալ, ուր իր ցուցադրած 25-է աւելի պաստառները արժանացած են այցելողներու եւ լիոնեան ֆրանսական մամուլի գնահատանքին:

Լիոնի մէջ հրատարակուող «Տեռնիէր էօր Լիոնեզ» թերթը անդրադառնալով Սոնիա Թոփալեանի արուեստին` կը գրէ.

«Սոնիա Թոփալեան, օժտուած հասուն տաղանդով մը, ձեռք կը զարնէ բազմազան նիւթերու: Այն խանդավառութիւնը եւ անկեղծութիւնը, որոնք կ՛առաջնորդեն զինք, խորապէս դրոշմուած է լաւագոյն կերպով կառուցուած իր գործերուն վրայ: Այդ գործերէն իւրաքանչիւրէն կը ժայթքէ ապրելու երջանկութիւնը:

Սոնիա Թոփալեան մասնաւորապէս կը փայլի  բնանկարներու մէջ, ուր յստակօրէն երեւան կու գայ իր տիրակալութիւնը` գրեթէ արական առաքինութեամբ մը»:

ՏՈՔԹ. ԱՒԵՏԻՍ ՍԱՆՃԵԱՆ
ՀԱՐՎԸՐՏ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՓՐՈՖԵՍԷՕՐ

Մեր նախանցեալ թիւով գրած էինք, թէ Ամերիկայի ամէնէն հին եւ կարեւոր համալսարաններէն Հարվըրտ հիմնած է հայկական ուսումնասիրութեանց դասընթացք մը:

Հարվըրտ համալսարանը այդ դասընթացքին համար հրաւիրած է տոքթ. Աւետիս Սանճեանը, որ` կը նկատուի հեղինակութիւն մը Մերձաւոր արեւելեան պատմութեան եւ լեզուներու ասպարէզին մէջ», կ՛ըսէ ամերիկեան տեղեկատու դիւանը: Տոքթ. Սանճեան առաջիկայ յուլիս 1-էն սկսեալ պիտի ըլլայ Հարվըրտի հայկական ուսմանց ու որոնմանց դասընթացքին օժանդակ դասախօսը:

Ան ծնած է Մարաշ, պսակաւոր արուեստից տիտղոսը ստացած է 1949-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն, իսկ մագիստրոս արուեստից եւ տոքթոր փիլիսոփայութեան տիտղոսները, 1950- 1956-ին, Միչիկընի եւ Էնն Արպըրի համալսարաններէն: Հեղինակն է «Հայաստանի կտակը» հատորին, որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ Ամերիկայի մէջ:

ԲԵՐԻՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
ԿՐԹԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՄՕՏ

Հալէպի մեր պաշտօնակից «Արեւելք»ի մէջ կը կարդանք.-

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արք. երկուշաբթի, 8 մայիսին, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, Դամասկոսի մէջ տեսակցեցաւ սուրիական շրջանի կրթական նախարար Էմճետ Թրապուլսիի հետ:

Մեր վարժարաններու կապակցաբար սրբազան հօր ներկայացուցած զանազան խնդրանքներուն կրթական նախարարը խոստացած է գոհացում տալ:

«ԱՀՐԱՄ» ԹԵՐԹԸ
ՀՄԸՄ-Ի ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՄԱՍԻՆ

Գահիրէի «Ահրամ» թերթը իր 16 մայիսի թիւին մէջ կը գրէ.-

Երէկ վերջ գտաւ Եգիպտոս նահանգի հայ գաղութին աթլեթիք մրցումներու փառատօնը, «Նասիոնալ»ի մարզադաշտին վրայ, մարզիկներու տողանցքով մը, որուն կը մասնակցէին նաեւ Սուրիա նահանգի եւ Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:

Ուղերձի մը մէջ անոնք հաւատարմութեան ուխտը վերանորոգեցին Ա.Մ. Հանրապետութեան հանդէպ` նախագահութեանը տակ նախագահ Կամալ Ապտել Նասըրի:

Մրցումներուն մակարդակը եւ արդիւնքները լաւ էին եւ մասնակցողները գեղեցիկ պայքար մը մղեցին` առաւելագոյն արդիւնքը ձեռք բերելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES