Ո՞ՐՆ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԳԻՐՔԸ

Այս հարցումին յաճախ կը պատասխանուի` Աստուածաշունչը, Հարի Փոթըր, Մահապհարաթա: Այս հարցը լուծելու համար ամէնէն դիւրին միջոցը էջերուն թիւը հաշուելն է:

Աստուածաշունչը ունի 2000 էջ, Հարի Փոթըրի փոքր չափի հրատարակութիւնները ունին 2500 էջ, Մահապհարաթան Ք. Ա. 4-րդ դարուն 250 հազար տող ունեցող հնդկական բանաստեղծութիւն մըն է: Մենք ենթադրենք, թէ իւրաքանչիւր էջի վրայ կը տպենք 40 ոտանաւորի տող: Մենք կը ստանանք ընդամէնը 6250 էջ, որոնց վրայ կ՛աւելնան տակաւին բազմաթիւ էջեր` պզտիկ ծանօթագրութիւններու շնորհիւ բացատրելու համար կերպարներուն մասին եւ այլն:

Եթէ մենք մէկ կողմ դնենք Հարի Փոթըրը, որ աւելի գիրքերու շարունակութիւն մըն է` բազմաթիւ հատորներու բաժնուած, պիտի նշմարենք, թէ Մահապհարաթան է, որ աշխարհի ամէնէն ծաւալուն գիրքն է: Մեզի ծանօթ չէ անոր հեղինակը, սակայն կ՛ենթադրուի, թէ անոնք քանի մը հատ էին, ինչպէս` Աստուածաշունչի պարագային:

Ասոր կողքին, գոյութիւն ունի ուրիշ գիրք մը, զոր կարելի է անուանել «աշխարհի ամէնէն ծաւալուն գիրքը»: Ան կը կոչուի «Պութան. ոդիսական թագաւորութեան շուրջ»: Այս գործը գրուած է 2003-ին, փրոֆեսէօր Մայքըլ Հոլիի կողմէ եւ յատկացուած է Ասիոյ ոչ շատ ծանօթ երկիրներէն` Պութանի: Գիրքին երկարութիւնը 2.13 մեթր է, 1.52 մեթր լայնք ունի եւ կը կշռէ 60 քիլօ, սակայն անիկա կը պարունակէ միայն 112 էջ:

 

ՄՏԱԾԵՆՔ

ՆԱՒԱԲԵԿՈՒԹԵՆԷՆ
ՓՐԿՈՒՈՂՆԵՐԸ ԵՒ ԱՄԱՅԻ ԿՂԶԻՆ

Թագաւորին նաւերէն մէկը, իր 37 անձերէ բաղկացած անձնակազմով, ղրկուած է հարաւային ծովերուն մէջ հետազօտական արշաւի: Դժբախտաբար անիկա կը բախի ժայռի մը եւ կը սկսի ընկղմիլ ամայի կղզիի մը մօտ: Ջուրերուն մէջ կը շրջին մարդ ուտող շանաձուկեր, հետեւաբար անկարելի է ջուրին մէջ նետուիլ` լողալով կղզի հասնելու համար: Միայն մէկ նաւակ կարելի եղած է ջուր իջեցնել. անիկա կրնայ տեղափոխել միայն 10 անձ, որոնցմէ մէկը նաւակը կը քշէ: Գիտնալով, թէ միայն 30 վայրկեան մնացած է, որպէսզի նաւը ամբողջովին ընկղմի, իսկ նաւակը 9 վայրկեանէն կրնայ կղզի երթալ ու վերադառնալ, քանի՞ անձեր կարելի պիտի ըլլայ փրկել:

Պատասխանը՝ վերջաւորութեան

 

ՀԱՐՑԱՐԱՆ

 

1) Աշխարհի ո՞ր երկիրը ունի ամէնէն մեծ տարածքը:

ա.- Չինաստան
բ.- Ռուսիա
գ.- Պրազիլ

2) Որքա՞ն է երկրագունդին շրջագիծը:

ա.- 25000 քմ
բ.- 40000 քմ
գ.- 65000 քմ

3) Ո՞ր ցամաքամասին մէջ մենք կրնանք անոր շուրջը դառնալ առանց սառոյցի հանդիպելու:

ա.- Ամերիկա
բ.- Աւստրալիա
գ.- Ասիա

4) Ո՞ր եւրոպական գետը կը ծնի Զուիցերիոյ մէջ եւ կը թափի Հիւսիսի ծովուն մէջ:

ա.- Հռենոսը
բ.- Մեըզ
գ.- Էսքօ

5) Ո՞ր գետը կ՛անցնի Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզէն:

ա.- Ռոնը
բ.- Հռենոսը
գ.- Սենը

6) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն երկար գետը:

ա.- Միսիսիփի
բ.- Ամազոն
գ.- Նեղոս

7) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն ընդարձակ ովկիանոսը:

ա.- Ատլանտեանը
բ.- Խաղաղականը
գ.- Հնդկացը

8) Այս մայրաքաղաքներէն ո՞ր մէկը կը գտնուի երկրագունդին ամէնէն հարաւը.

ա.- Ուէլինկթըն
բ.- Սիտնի
գ.- Պուէնոս Այրէս

9) Հետեւեալ երկիրներէն ո՞ր մէկը ամէնէն ընդարձակն է:

ա.- Միացեալ Նահանգներ
բ.- Չինաստան
գ.- Ռուսիա

10) Ո՞ր երկրին մէջ կը գտնենք ոսկիի աշխարհի ամէնէն մեծ հանքերը:

ա.- Հարաւային Ափրիկէ
բ.- Պրազիլ
գ.- Քոնկօ

11) Հետեւեալ երկիրներէն ո՞ր մէկուն մէջ կը գտնենք անուշ ջուրի ամէնէն մեծ պահեստները:

ա.- Չիլի
բ.- Ֆրանսա
գ.- Հարաւային Ափրիկէ

12) Արեւը…

ա.- Աստղ մըն է
բ.- Մոլորակ մըն է
գ.- Լուսին մըն է

Պատասխանները՝ վերջաւորութեան

 

ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ ՍԻՐՈՂ ԲՈՅՍԵՐ

Արդեօ՞ք ժերանիոմները կը թրթռան դասական երաժշտութեան եղանակները լսելով: Լոնտոնի ֆիլհարմոնիք թագաւորական նուագախումբը նուագահանդէս մը տուած է բոյսերէ կազմուած «հանդիսատեսերէ»: Այս նուագահանդէսին նպատակն էր ուսումնասիրել երաժշտութեան ազդեցութիւնը բոյսերուն վրայ: Խումբ մը գիտնականներ այս ուսումնասիրութիւնները կը կատարեն, որովհետեւ անոնք կը մտածեն, թէ ձայնային ալիքները կը մղեն բոյսերը աճելու:

 

ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԿԱՊՈՅՏ
ԻՆՔՆԱՇԱՐԺ ՄԸ

Լոնտոնի փողոցներէն մէկուն մէջ անցորդները տարօրինակ հանդիպում մը ունեցան, երբ գտնուեցան իսկական չափերով ամբողջովին կապոյտ իւրայատուկ ինքնաշարժի մը առջեւ:

Այդ ինքնաշարժը շինուած է խաղալիք չափի 10000 ամանէ:

 

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԸ ՅԱՐԳՈՂ
ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ «ՍՐԱՀ» ՄԸ

Բարի եկած էք «Սոլ սինեմա»: Շարժապատկերի այս փոքր սրահ- կարալանին մէջ դուք կրնաք ժապաւէն մը դիտել: Միայն 8 չափահասներ կրնան հանգիստ ձեւով նստիլ ներսը: Այս յատուկ «սրահին» ցուցադրութեան մեքենան կ՛աշխատի արեւի ուժով:

 

ԱՆՕԹԻ՞ ԵՍ

8 պիֆթեք, պանիրի 16 շերտեր, 32 տապկուած սոխի օղակներ հաւասար են 5 հազար ջերմուժի: Ասիկա Անգլիոյ ամէնէն մեծ համպըրկըրն է: Դուն կրնաս զայն գտնել Պրիսթոլի շրջանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Սակայն արդեօք բերանդ բաւարարաչափ մե՞ծ է….

 

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…

Ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական հաղորդակցութեան բաժանմունքին մէջ աշխատող զինուորականներն են, որոնք յղացած են համացանցի գաղափարը: Այս դրութիւնը ծնած է 1969 թուականին «Արփանեթ» անունին տակ, իբրեւ շտապ հաղորդակցութեան միջոց, որ կրնայ բանիլ, նոյնիսկ երբ հաղորդակցութեան միւս դրութիւնները փճացած են, թշնամական յարձակումի պարագային: Սկիզբը միայն չորս համակարգիչներ իրարու կապուած էին եւ կը գործածուէին միայն զինուորական մարզին մէջ:

 

ԿԸ ՍԻՐԵ՞Ս ՓԵՆՔԷՅՔՆԵՐԸ

Ահա շատ դիւրին խոհագիր մը` թէ՛ պատրաստելու, թէ՛ ալ միտքդ պահելու համար: Միտքդ պահէ 2:

Իրարու հետ խառնէ 200 կրամ ալիւր, 200 միլլիլիթր կաթ, 2 հաւկիթ, 2 ապուրի դգալ փոշի շաքար, 2 սուրճի դգալ պէյքինկ փաուտըր:

Տապակի մը վրայ քիչ մը ձէթ քսէ եւ մէջը քիչ մը խմորի խառնուրդէն դիր եփելու համար:

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել, թէ հովանոցը որո՞ւն կը պատկանի:

Կրնա՞ս այս նաւերը շարել ամէնէն փոքրէն ամէնէն մեծը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել Ա. պատկերին մէջ գտնուող 1 սխալը, Բ. պատկերին մէջ գտնուող 2 սխալները, Գ. պատկերին մէջ գտնուող 3 սխալները եւ Դ. պատկերին մէջ գտնուող 4 սխալները:

Քանի՞ մետալ կը տեսնես այս պատկերին մէջ:


 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՆԱՒԱԲԵԿՈՒԹԵՆԷՆ ՓՐԿՈՒՈՂՆԵՐԸ
ԵՒ ԱՄԱՅԻ ԿՂԶԻՆ
ՊԱՏԱՍԽԱՆ

 

Ամբողջ անձնակազմը կարելի է փրկել: Առաջին ճամբորդութիւն մը կարելիութիւնը կու տայ 9 անձերու կղզի հասնիլ, մինչ 10-րդ անձը նաւ կը վերադառնայ 9 վայրկեանէն: Յաջորդ երկու ճամբորդութիւններուն ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ փրկել 18 անձեր: Երբ նաւակը ընկղմող նաւ կը հասնի, 3×9=27 վայրկեաններ անցած են, եւ կը մնան 37-27 (որոնք կղզիին վրայ կը գտնուին) -1 (որ նաւակը կը քշէ), այսինքն 9 անձեր, որոնք պէտք է փրկուին: Այս վերջինները կրնան նաւակին վրայ ելլել եւ ապահով ըլլալ, մինչ նաւը ամբողջովին կ՛ընկղմի 3 վայրկեան ետք:

 

ՀԱՐՑԱՐԱՆ
ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

 

1) Ռուսիան աշխարհի ամէնէն մեծ երկիրն է: Անոր տարածքը 17 075200 քառակուսի քիլոմեթր է:

2) Երկրագունդը մեծ գունդ մըն է, որուն շրջագիծը 40 000 քմ է:

3) Աւստրալիան կը գտնուի հարաւային կիսագունդին մէջ: Մենք այս ցամաքամասին վրայ կրնանք շրջիլ առանց սառոյցի հետքի հանդիպելու:

4) Հռենոս գետին աղբիւրը կը գտնուի: Զուիցերիոյ մէջ, 2344 մեթր բարձրութեան վրայ: Անիկա կը թափի Հիւսիսի ծովուն մէջ:

5) Սեն գետը կ՛անցնի Փարիզէն:

6) Նեղոսը, որուն երկարութիւնը 6741 քմ է, աշխարհի ամէնէն երկար գետն է:

7) Խաղաղական ովկիանոսը աշխարհի ամէնէն մեծ ովկիանոսն է:

8) Նոր Զելանտայի մէջ գտնուող Ուէլինկթըն քաղաքը աշխարհի մէջ ամէնէն հարաւը գտնուող մայրաքաղաքն է:

9) Ռուսիա աշխարհի ամէնէն ընդարձակ երկիրն է: Անիկա կը գտնուի Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ, եւ ունի 17 075200 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն:

10) Ոսկիի ամէնէն մեծ հանքերը կը գտնուին հարաւային Ափրիկէի մէջ, ուր ոսկի յայտնաբերուած է 1880 թուականին: Ոսկիի այլ մեծ հանքեր կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու Նեւատայի եւ Հարաւային Տաքոթայի շրջաններուն մէջ:

11) Չիլիի մէջ, եւ յատկապէս անոր հարաւը  մենք կը գտնենք սառոյցի ամէնէն մեծ տարածքները: Անթարքթիքը չհաշուելով անշուշտ, անոնք աշխարհի անուշ ջուրի ամէնէն մեծ պահեստներն են:

12) Արեւը երկրագունդին ամէնէն մօտիկ գտնուող աստղն է: Անիկա երկնքին մէջ ամէնէն փայլուն տարրն է:

 

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES