Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի ստանաք նուէր մը՝ տուող անձին սիրտէն բխած։ Ուրախանալու լաւ առիթ մը։ Վայելեցէք օրուան ցնծութիւնը։
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր օրը հիանալի պիտի ըլլայ, որովհետեւ պիտի լսէք գովասանք՝ ձեր արտաքին տեսքին, ձեր հմայքին եւ ձեր հաղորդականութեան համար։
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ կ՛ուզէք լսել խրատներ, լա՛ւ մտիկ ըրէք։ Ձեր կարգին կրնաք ուրիշներուն փոխանցել ձեր լսածը եւ սորվածը։ Օգտակար եղէք այլոց։
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր բարեկամներուն հետ պիտի ունենաք սրտակից կապեր։ Անոնք պիտի օգնեն ձեզի ձեր բարիքին համար։ Գործակցեցէք անոնց հետ։
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ հաւաքածոյ պահող էք եւ զանոնք պիտի տանիք շուկայ, նախ բանակցութիւն կատարեցէք ձեր առուծախին վերաբերեալ, կ՛օգտուիք։
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գիրքերու հետ բարեկամացէք, կը սորվիք լաւ պատմութիւններ, կ՛իմանաք ուրիշներու փորձառութիւնը, որմէ կ՛օգտուիք։ Օրը բարի է։
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ամէն հարց պիտի կարգադրուի ճիշդ ձեր ուզածին պէս։ Օգտուեցէք ընծայուած առիթէն։ Օրը դրական է ամէն տեսակէտով։
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Չէք կրնար իմանալ ամէն մարդու ներքին խնդիրը, կամ՝ հարցումներ ուղղել անոնց։ Մի՛ միջամտէք խնդրայարոյց անձերու նկարագրին։
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրը ծանրաբեռնուած է, բայց դուք ձեր գործերը պիտի կատարէք սիրով, որովհետեւ կը սիրէք այս աշխատանքը։ Օրինակելի կեցուածք մը։ Մնացէք նոյնը։
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ժխտական մտածումները հեռացուցէք ձեզմէ՝ կիրարկելով լաւ մարզանք մը։ Օրը կը թելադրէ ըլլալ լաւատես եւ իրատես, հանդարտ ու խաղաղ։
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յաղթահարեցէք ձեր ջղայնութիւնը կամ ճնշուածութիւնը, վերսկսեցէք ձեր գործին ամենայն հանդարտութեամբ եւ գիտակցութեամբ։ Մի՛ խռովիք զուր տեղ։
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքին հետ յարաբերելու, բան մը, որ յաճախ կը մոռնաք։ Նման մտերմութիւնները նկատի առէք անպայման։

