Նամակ 334
ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Վերջապէս՝ լաւ լուր մը։
«Մարմարա»-ի 22 օգոստոս 2013-ի թիւին մէջ կը կարդանք հետեւեալ խորագիրը՝ «Հայաստանի ընդերքին հարստութիւնը չորս եռիլիոն տոլար է»։ Այս յայտարարութիւնը ըրած է տոքթ. Հրաչեայ Աւագեան, երկրաբանական գիտութիւններու մասնագէտ։
Ուրեմն ունինք սկանթիոմ, որուն մէկ թոնը կ՛արժէ հինգ միլիոն տոլար, վանատիոմ, կապար, զինկ, երկաթ, պղինձ եւ այլն։ Ասոնք Քաջարանի հանքավայրին մէջ են, եւ կան տակաւին ուրիշ հանքեր, որոնք ուսումնասիրութեան տակ են։
Առաւել, Սիւնիքի Մուցք գիւղին մէջ ալ ոսկիի կարեւոր հանքեր երեւան հանուած են։
Այո՛, ունինք հարուստ հանքեր, բայց չունինք մասնագէտներ եւ մեքենական կազմածներ՝ զանոնք առաւելագոյն ձեւով շահագործելու համար։ Հայրենի կառավարութեան կը մնայ պարտն ու պատշաճը տնօրինել։
Կը կարծեմ, որ եթէ այսքան գործատեղիներ ստեղծուին, արտագաղթը կը կասեցուի, եւ ազերիական ախորժակներն ալ կը բթանան։ Բարի՛ երթ։
* * *
Վերջերս թրքական մամուլին մէջ վլվլուկ մը կայ հայկական կալուածաթուղթերու շուրջ։ Արգիլուած է անոնց բացայայտումը, մանաւանդ անոնք, որոնք 1926-էն առաջ են։ Ասոնք գաղտնի կը պահուին եղեր «պետական ապահովութեան համար»։
Կան թուրք լրագրողներ, որոնք կը գրեն, թէ իրենց քաղքենի եւ հարուստ դասակարգը իր ունեցածը կը պարտի հայկական «լքեալ գոյքերուն»՝ տուն, դրամ, արտեր, ագարակներ, անասուններ, հողեր եւ այլն։ Լրագրողը կ՛ընդգծէ, որ ասոնք «լքեալ գոյքեր» չեն, քանի որ անոնց տէրերը բռնի հանուեցան իրենց բնակարաններէն եւ չվերադարձան…
Այսօր աւելի քան կենսական է գոյառումը սփիւռքեան մարմինի մը, որ Հայաստանի կառավարութեան հետ պէտք է ձեռք առնէ այս հարցին հետապնդումը, առանց մոռնալու Հնդկաստանի, Սինկափուրի, Չինաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ մեր «մոռցուած» գոյքերը։
Եւ տակաւին, ըստ «Նուվել տ՛Արմենի»-ի թիւ 19 սեպտեմբեր 2013-ին, Հայաստան ունի 16,3 միլիառ տոլար արժողութեամբ ոսկիի հանքեր, եւ կարելի է այս թիւը բարձրացնել 24,7 միլիառ տոլարի, եթէ կարելի ըլլայ արտահանել պէտք եղած բծախնդրութեամբ, ըսած է Հրաչեայ Աւագեան։
Նոյն տեղէն կ՛իմանանք նաեւ, որ հանքերուն օգտագործումը կրնայ 300 տարի տեւել ի շահ Հայաստանի։ Ներկայիս տարեկան կը ստանանք հետեւեալ քանակութիւնները՝ 1800 թոն պղինձ, 5300 թոն կապար, 7300 թոն զինկ, 670 քիլօ ոսկի, 70 թոն արծաթ, 2300 թոն քատմիոմ, 11 թոն պիզմութ, 18 թոն սելենիոմ, երկաթի սիւֆիւր եւ այլն։
Հոս այլեւս պէտք է երգենք, Գ. Ալեմշահի յօրինումով այն երգը, որ մեր երիտասարդութեան կ՛երգէինք՝ առանց հարուստ ըլլալու։
| «Գանձեր ունիմ անտակ անծեր | |
| Ես հարուստ եմ ջան, ես հարուստ | |
| Ծով բարութիւն շնորհք ու սէր | |
| Ճոխ պարգեւ եմ արել ի վերուստ»։ |
Յիշողութեամբ գրուած այս համարը յուսամ սխալներ չի պարունակեր։
***
Մոռցուած բաներ.
– Մելգոնեանի հարցը. «Անցուկը մոռցո՞ւկ» է արդեօք։ Այս ծրագիրը յղացողները արդեօք զգացի՞ն այն բացը, որ գոյացաւ այս «պարզ» որոշումին պատճառով, թէ հաշիւները հաւասարակշռելու ծառայեցին, եթէ… ծառայեցին։ Մշակութային կեանքին մէջ այսօր կայ «ոգու սով» մը, որ անկարելի է գոցել…
– Հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի ոճրագործը։ Ռամիլ Սաֆարով, Ազրպէյճանի մէջ ընդունուեցաւ իբրեւ ազգային հերոս։ Մեր հակադարձութիւնը, միջազգային գետնի վրայ, շատ թոյլ էր։ Մեր նոր սերունդի համակարգիչի մասնագէտները պէտք է օրական 24 ժամ պայքար մղէին անդադրում։
– Բժիշկ Վահէ Աւետեան, որ մահացաւ ծեծուելէ ետք, հաւանաբար ճաշարանին մէջ։ Վախնամ հանգուցեալը յանցաւոր գտնեն… Յիշատակի գնացք մը եղաւ իր յիշատակին։
– Մեր հատուցումները Թուրքիայէն, մեր 1915-էն առաջ եւ վերջ, որոնք անչափելի են։ Մինչ մենք կը հետեւինք, թրքական կառավարութիւնը անշշուկ կ՛աշխատի։ Այսպէս, թրքական մամուլին մէջ յայտնաբերումներ կան հայերու կողոպտուած արջառներու, տուներու, շէնքերու, դրամներու, ոսկեղէնի եւ այլն… եւ կ՛ըսեն, թէ այսօրուան հարուստներն ու քաղքենի դասակարգը իր հարստութիւնը կը պարտի հայերէ կողոպտուած ինչքերու։
Այդ դէպքերը պէտք է լրջօրէն նկատի առնուին, քանի որ անոնք կենսական խնդիրներ են։
***
Պոլսոյ Ուսուցչաց հիմնարկի կրթաթոշակով եօթը ուսուցչուհիներ մասնակցած են Վենետիկի խտացեալ դասընթացքներուն, ընդհանուր տնօրէնութեամբ հոգեշնորհ հայր Լեւոն Պ. Զեքիեանի, «Մարմարա», 30.8.13։ Ասիկա խիստ ծափահարելի ձեռնարկ մըն է, եւ վստահ եմ, որ բարի նախանձ ունեցողներ պիտի գտնուին, Պէյրութէն սկսեալ մինչեւ Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ։
Ես անձնական հաճելի փորձառութիւնը ունեցած եմ հետեւելու այս «խտացեալ» դասընթացքներուն, եւ կրնամ վստահեցնել ոեւէ մէկը, որ ժամանակի կորուստ չէ։ Դասարանէն ներս եւ անկէ դուրս օգտակարը միաձուլուեցաւ հաճելիին հետ։ Կը պահեմ շատ հաճելի յիշատակներ, որոնց մասին անդրադարձած եմ իմ նամակներուս մէջ։ (Թիւ 234+).
Ո՛վ որ քաջ է, ինչ կը սպասէ։
***
Խօսք մը՝ Այնշթայնէն։ «Երկու բաներ անսահման են՝ տիեզերքը եւ մարդկային յիմարութիւնը, եւ վստահ չեմ տիեզերքին մասին»։
***
Ապարանցին թոռ մը կ՛ունենայ, զոր շատ կը սիրէ եւ կնոջը կ՛ըսէ.
«Ա՛յ կնիկ, քանի որ թոռը այսքան անուշ է, ինչո՞ւ սկիզբէն թոռներ չունեցանք»։
2.10.13
Պէյրութ

