Խորհրդաւոր Պերմուտայի Եռանկիւնը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ի՞նչ է Պերմուտայի եռանկիւնը։ Ան Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ գտնուող ընդարձակ շրջան մըն է, ուր կարգ մը անձեր կ՛երեւակայեն, թէ օդանաւեր եւ նաւեր խորհրդաւոր կերպով կ՛անհետանան։
Երկար պատմութիւն մը
19-րդ դարէն ի վեր նաւերու եւ օդանաւերու անհետացումներ նշմարուած են Ատլանտեանի այդ շրջանին մէջ։ Այս անհետացումներէն ամէնէն ծանօթը տեղի ունեցած է 1945 թուականին։ Ֆլորիտայէն ընթացած ամերիկեան պատերազմական հինգ օդանաւեր առանց որեւէ մէկ պատճառի կ՛անհետանան Պերմուտայի եռանկիւնին մէջ։ Ուրիշ օդանաւ մը կը ղրկուի զայն փնտռելու, սակայն ան ալ իր կարգին կ՛անհետանայ…
Խորհրդաւոր հարց մը
1950-ական թուականներէն սկսեալ Պերմուտայի եռանկիւնին առասպելը նշանաւոր կը դառնայ։ Անոր մասին կը խօսուի թերթերուն մէջ, գիրքերուն, շարժապատկերներուն, պատկերասփիւռէն, ձայնասփիւռէն… Բազմաթիւ պատմութիւններ կը հիւսուին։ Օրինակի համար, կարգ մը անձեր կ՛երեւակայեն, թէ օդանաւերը եւ նաւերը արտերկրային էակներու կողմէ «կ՛առեւանգուին»։
Կազե՞ր ովկիանոսին մէջ
Կարգ մը գիտնականներու համաձայն, այս անհետացածները կրնայ ըլլալ կը գտնուի ովկիանոսին յատակը։ Պահամաս կղզիներուն եւ Ֆլորիտայի ջուրերուն մէջ Ատլանտեանը կը պարունակէ հսկայական քանակներով մէթան կազ։ Այդ շրջանին մէջ յաճախակիօրէն տեղի ունեցող երկրաշարժները երբեմն այդ կազերը կը բարձրացնեն դէպի ջուրին մակերեսը։ Ասիկա զօրաւոր խլրտումներ կը յառաջացնէ ովկիանոսին մակերեսին վրայ, սակայն նաեւ օդերուն մէջ։ Արդեօք ասիկա՞ է օդանաւերուն եւ նաւերուն անհետացումին պատճառը։ Տակաւին այս տեսակէտը չէ փաստուած։
Երկնքին Մասին
Ինչո՞ւ Երկինքը Կապոյտ Է Երբ Օդը Պայծառ Է
Երկինքը կապոյտ է, որովհետեւ ան լուսաւորուած է արեւուն կողմէ։ Արեւը ճերմակ լոյս մը կ՛արձակէ։ Սակայն իսկականօրէն ան կազմուած է բազմաթիւ գոյներէ՝ կարմիր, մանիշակագոյն, կապոյտ… Բայց այս գոյները այնքան իրարու խառնուած են, որ մեր աչքը միայն ճերմակ լոյս մը կը տեսնէ։ Անոր գոյները յստակօրէն կ՛երեւին, երբ մենք ծիածան մը կը տեսնենք։
* * *
Այս ճերմակ լոյսը կը հասնի մթնոլորտին մէջ, ան կը հանդիպի պզտիկ մասնիկներու։ Երեւակայեցէք խողովակէն ցայտքող ջուրը երբ առարկայի մը կը զարնուի. ջուրի կաթիլները չորս կողմ կը սփռուին։ Նոյն բանը կը պատահի լոյսին հետ. ան կը սփռուի ամէն կողմ։ Լոյսին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր գոյներէն կապոյտ գոյնը ամէնէն կարեւորն է։ Կապոյտը կարմիր գոյնէն 6 անգամ աւելի տարողութեամբ կը սփռուի։ Այս պատճառով է, որ մենք երկինքը կապոյտ կը տեսնենք։
* * *
Գոյնը կախեալ է մթնոլորտին հաստութենէն։ Իրիկունը արեւը կը սկսի հորիզոնին ետեւը իջնել եւ անոր ճառագայթները կը թափանցեն աւելի հաստ մթնոլորտի բաժինէ մը։ Արեւուն լոյսը շատ աւելի ժամանակ կ՛առնէ մինչեւ մեզի հասնի. կապոյտը «կը մաղուի» եւ մենք միայն կարմիր գոյնը կը տեսնենք։ Եթէ մթնոլորտը գոյութիւն չունենար, մեր երկինքը սեւ պիտի ըլլար։
Ճի՞շդ Է, Որ Արեւը Փոսեր Ունի
Այո՛, ճիշդ է։ Սակայն անոնք պարտէզի մը մէջ փորուած փոսերուն չեն նմանիր։ Երբ մենք արեւու փոսի մը մասին կը խօսինք, կը նշանակէ, թէ կը խօսինք արեւուն թագին, այսինքն մթնոլորտին մէջ յառաջացած փոսերու մասին։
* * *
Արեւը կազմուած է փլազմայէ։ Փլազման կազերէ կազմուած հեղուկ մըն է։ Կարգ մը շրջաններու մէջ երկու անգամ նուազ փլազմա կայ. այս նուազ հաստ շրջանները փոս մը կը կազմեն։ Արբանեակներուն միջոցաւ ստացուած նկարներուն մէջ անոնք նուազագոյն լուսաւորութիւն ունեցող շրջաններն են։
Արեւուն թագին մէջ գտնուած այս փոսերը շարժական են։
* * *
Արեւը միշտ ունի երկու փոս. մէկը կը գտնուի հիւսիսային բեւեռին վրայ, միւսը հարաւային բեւեռին։ Սակայն, ըստ արեւին շարժումներուն, ուրիշ փոսեր կը յայտնուին հասարակածին շրջանին վրայ (արեւուն մէջտեղը)։
Արեւին վրայ յայտնուող փոսերը երբեմն կրնան ըլլալ շատ ընդարձակ եւ ծածկել, օրինակի համար, արեւուն մէկ երրորդը, այսինքն 466,000 քմ քով-քովի դրուած մօտաւորապէս 30 երկրագունդեր։ Այս փոսը այնքան մեծ կրնայ ըլլալ, որ 1000-2000 երկրագունդեր հազիւ կրնան ծածկել անոր մակերեսը։
Անջրպետին Մէջ Ի՞նչ Է Լոյսի Տարի Մը
Ան աստղագիտութեան մէջ գործածուած արագութեան չափանիշ մըն է։ Մէկ լոյսի տարին կը համապատասխանէ այն տարածքին, զոր լոյսը կը կտրէ 365 օրէն։ Լոյսին արագութիւնը շատ բարձր է. առ մէկ երկվայրկեանի մէջ 300,000 քմ է։
* * *
Այս չափանիշը կը գործածուի չափելու համար աստղերուն միջեւ շատ մեծ հեռաւորութիւնները։ Երկրագունդին վրայ մենք քիլոմեթրերը կը գործածենք հեռաւորութիւնները չափելու համար։ Անջրպետին մէջ կը գործածուի լոյսի տարին։ Մէկ լոյսի տարին կը համապատասխանէ մօտաւորապէս 10,000 միլիառ քիլոմեթրի։
Որքան երկրագունդէն դիտուած աստղ մը հեռու կը գտնուի, այնքան անոր լոյսին կողմէ փոխադրուած պատկերը ժամանակ կ՛առնէ մինչեւ հասնի մեր աչքերուն։ Ժամանակի ուշացում մը կայ մեր տեսածին եւ անջրպետի իրականութեան միջեւ։ Երբ մենք կը դիտենք 1000 լոյսի տարի հեռու գտնուող աստղ մը, մենք զայն կը տեսնենք ինչպէս ան կը գտնուէր 1000 տարիներ առաջ, այսինքն 1013 թուականին։ Կրնայ ըլլալ որ այլեւս գոյութիւն չունի։ Ժամանակի ուշացում մը գոյութիւն ունի նաեւ արեւուն ծագումին կամ մար մտնելուն միջեւ։ Արեւը երկրագունդէն 150 միլիոն քմ հեռու կը գտնուի։ Հետեւաբար մենք զայն կը տեսնենք ինչպէս որ էր ութուկէս վայրկեան առաջ…
Իւրայատուկ Նուէրներ
Իր 22-րդ տարեդարձին առիթով ամերիկացի ուսանողուհի մը՝ Հիլլարի Սատլոն որոշեց 22 լաւ գործեր կատարել։ Իր տարեդարձին օրը իր երկու ընկերուհիներուն ընկերակցութեամբ ան անցաւ 5 քաղաքներէ։
10 ժամ տեւող իր շրջապտոյտին ընթացքին ան տուաւ իր արիւնը, հագուստներ, ծերունիներու համար գնումները ըրաւ, ուտելիք տարաւ անասուններու ապաստաններ…
Ան ըսաւ. «Եթէ մենք երկու ձեռքեր ունինք, անոնցմէ մէկը մեզի օգնելու համար է, եւ միւսը ուրիշներու օգնելու»։
Լիճին Տակի Ներքնուղի
Չեխիոյ հանրապետութեան Մատրա քաղաքին մօտերը գոյութիւն ունի ապակիէ ներքնուղի մը՝ լճին տակը։ Ան շինուած է մակերեսէն 3 մեթր խորութեան վրայ եւ ունի 8 մեթր երկայնք։ Անոր մէջէն անցնելով կարելի է ուսումնասիրել լիճին մէջ ապրող բոլոր էակները, ինչպէս թառափներ, ծածաններ, կատու-ձուկեր։
Հետաքրքրական
Ճի՞շդ է, որ Իտալիան է փիցցայի իսկական երկիրը։
Այո՛։ Փիցցան հնարուած է Իտալիոյ մէջ եւ ոչ Միացեալ Նահանգներու։ Այս ուտելիքը ծնած է միջին դարերուն Նափոլիի շրջանին մէջ՝ երկրին հարաւը։
Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն փոքր շունիկը։
Ան քափքէքն է, էգ չիուաուա մը։ Անոր հասակը 16 սմ. է։
Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն բարձր արձանը։
Աղբիւրի տաճարին պուտտայի արձանը։ Այս արձանը ունի 128 մեթր հասակ (գրեթէ 3 անգամ աւելի քան Ազատութեան արձանը)։ Ան կը գտնուի Զաուքունի մէջ՝ Չինաստանի արեւելքը։
Որքա՞ն են աշխարհի ամէնէն երկար մազերը։
5627 մեթր։ Անոնք չինացի Զի Քրուփինկի մազերն են, չափուած 8 մայիս 2004-ին։
Միջատներ, պզտիկ գորտեր եւ մողէսներ։ Կարգ մը մսակեր բոյսեր ունին տերեւներ, որոնք գոցուելու կարողութիւն ունին, ուրիշներ ունին շատ կպչուն մազեր, որոնք թակարդ կը լարեն իրենց որսերուն։ Ապա, անոնք իրենց որսերը կը մարսեն։
Ո՞վ հնարած է ակռայի դեղը։
Եգիպտացիները։ 4000 տարիներ առաջ անոնք իրենց ակռաները կը լուային մոխիրի եւ կաւի խառնուրդով մը։
Որո՞նք են աշխարհի ամէնէն մեծ ջրվէժները։
Վիքթորիայի ջրվէժները Զամպէզ գետին վրայ, Զիմպապուէյի եւ Զամպիի միջեւ (Ափրիկէ)։ 1708 մեթր լայնքով եւ 108 մեթր հասակով անոնք կը կազմեն մօտաւորապէս 184,000 քառակուսի քմ. ջուրէ վարագոյր մը։
Ժամանց

Կրնա՞ս ամբողջացնել եռանկիւնը՝ գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասա՞ր է անոր տակը գտնուող երկու շրջանակներու մէջի թիւերուն գումարին։