Մահացած Եւ Նահատակուած ՀՄԸՄ-Ականներու Յիշատակին

HMEM-EMBLEMՄեզմէ անվերադարձ բաժնուող ՀՄԸՄ-ականներուն յարգանքի տուրք տալու աւանդական օրն է դարձեալ, այս պարագային հոգեհանգստեան արարողութեամբ, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 17 նոյեմբերին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Արդարեւ, պարտաւոր ենք ամէն օր այդ յարգանքը ցուցաբերելու եւ վառ պահելու յիշատակը բոլոր նահատակուած կամ մահացած ՀՄԸՄ-ականներուն, ըլլան անոնք սկաուտ, մարզիկ, մարզիչ կամ վարչական գործունէութիւն տարած անդամ-անդամուհիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է իրեն յատուկ վարկն ու արժանիքը միութեան մէջ:

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութենէն ետք իրերայաջորդ սերունդներու զաւակներ երկար ատեն գործեցին միութեան մէջ եւ անոնցմէ շատ շատեր նոյնիսկ բազմատասնեակ տարիներու վաստակ ունեցան այս միութեան ուռճացման, բարգաւաճման եւ արձանագրած վերելքին մէջ, որուն միջոցով այս իւրայատուկ միութիւնը շարունակեց իր առաքելութիւնը ամբողջ 95 տարիներ՝ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ:

Պարտաւոր ենք յիշել եւ ոգեկոչել յիշատակը բոլոր այն վարչականներուն, որոնք տարիներ տրամադրեցին իրենց մասնաճիւղերուն, ծրագրեցին եւ աշխատեցան իրագործելու լաւագոյնը՝ ի նպաստ միութեան եւ միութենականին:

Պարտաւոր ենք չմոռնալ յիշատակը բոլոր այն մարզիկներուն, որոնք երկար տարիներ կրեցին ՀՄԸՄ-ի եռագոյն տարազը, քրտինք թափեցին դաշտերուն վրայ ու բարձր պահեցին միութեան դրօշը:

Ինչպէ՞ս մոռնալ սկաուտական շարքերուն մէջ կակուղ թաթիկէն մինչեւ շեփորախումբերու անդամներն ու ամէնէն բարձր դիրքերուն վրայ գործած քոյր-եղբայրներն ու պատասխանատուները, որոնք օր մը հպարտօրէն տողանցեցին հայկական թաղերուն մէջ թէ մայիսեան փառատօներուն եւ կամ սկաուտական այբուբենն ու իրենց գիտելիքները փոխանցեցին նորահաս սերունդներու զաւակներուն անսակարկօրէն:

Այս բոլորը պարտք կը դնեն մեր վրայ, որ ոգեկոչենք յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք մեզմէ ֆիզիքապէս անվերադարձ բաժնուած են, յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք օր մը նուիրուած էին ՀՄԸՄ-ին եւ կը գործէին ՀՄԸՄ-ին համար:

Կը խոնարհինք մեզմէ յաւերժ բաժնուած բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն՝  միութեան հիմնադիր անդամներէն մինչեւ վերջերս մեր ունեցած կորուստներուն յիշատակին առջեւ:

  • Խորէն Հայկեան
  • Րաֆֆի Պալեան
  • Բարսեղ Գաւճեան
  • Վարդգէս Էսկիպաշեան
  • Սարհատ Սարհատեան
  • Յարութ Գույումճեան
  • Սերժ Գալուստեան
  • Յովհաննէս Քելեշեան
  • Պօղոս Քէշիշեան
  • Յովհաննէս Նազարեան (Կիւլիւմ)
  • Աբօ Նենեճեան

Խունկ ու  մոմ մեզմէ բաժնուած ՀՄԸՄ-ականներու անմահ յիշատակին:

Քաջառողջ կեանք կը մաղթենք համայն հայութեան եւ բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն։

 ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Share this Article
CATEGORIES