Չորեքշաբթի, 20 Նոյեմբերին. Անթունիէ Պաապտա Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Կազմակերպութեամբ Անթունիէ Պաապտա վարժարանին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի անկախութեան նուիրուած վազքի մրցում մը, որ պիտի կատարուի 7-րդ անգամ ըլլալով։

Այս վազքի մրցումին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին մարզական լրագրողներուն, երբ չորեքշաբթի, 20 նոյեմբերին, ժամը 13։00-ին, վարժարանին մէջ տրուի յատուկ մամլոյ ասուլիս մը։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )