Փինկ Փոնկ. Փիեռ Ժեմայելի Անուան Մրցաշարք. Մըրշի Եւ Ոսկերիչեան Տիրացան Տիտղոսին

gemayel-cupԿազմակերպութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Պուար շրջանի մասնաճիւղին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ Փիեռ Ժեմայէլի անուան մրցաշարք մը՝ տղոց եւ վեթերաններու դասակարգերուն մէջ։

Վեթերաններու տիտղոսին տիրացաւ Սամիր Մըրշի՝ 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նեզիհ Տաապուլի։ Իսկ տղոց մրցաշարքի տիտղոսին տիրացաւ Յակոբ Ոսկերիչեան, որ նոյն արդիւնքով յաղթեց Շարպել Մարունի։

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը՝ ձեռամբ Նիքոլ Ամին Ժեմայէլի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլայի, փոխնախագահ Րաֆֆի Մումջողլեանի եւ այլ անդամներու։

Ներկայ էին նաեւ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններ, քաղաքապետեր, շրջանի բնակիչները եւ այս մարզախաղը սիրողները։

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )